ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՆՈՐՀԱԾ Է ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՆՁԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ

Վրաստանի խորհրդարանը շաբաթ օր առաջին ընթերցումով փոփոխութիւններ մտցուցած է Վրաստանի քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ: Այդ փոփոխութիւններուն համաձայն, Վրաստանի մէջ կրօնական հինգ միութիւններու կը շնորհուի իրաւաբանական անձի կարգավիճակ: Այս մասին կը յայտնէ «Նովոսթի Կրուզիա» գործակալութիւնը:

Երեսփոխանները համապատասխան փոփոխութիւններուն կողմ քուէարկած են խորհրդարանի արտահերթ նիստին ժամանակ:

Մասնաւորապէս, իրաւաբանական անձի կարգավիճակ կը շնորհուի Հայ առաքելական եկեղեցիին, կաթողիկէ եկեղեցիին, Իսլամական համայնքին, Հրէական համայնքին եւ Մկրտչական եկեղեցիին:

Օրինագիծին դէմ քուէարկած են ընդդիմադիր Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական» խմբակցութեան անդամները:

«Վրացական եկեղեցին համանման կարգավիճակ չունի…. Մենք պէտք է հասկնանք` արդեօք Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կը պատրաստուի՞ն նման կարգավիճակ շնորհելու վրացական եկեղեցիին…», հարց տուած է խմբակցութեան անդամ Նիքոլազ Լալիաշվիլի:

ապնդել Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման հետեւանքների արդարացի հատուցումը, պաշտպանել ջաւախահայութեան օրինական իրաւունքները:

Share this Article
CATEGORIES