Մոթորսայքլինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Ա. Հանգրուանի Մրցումները Կատարուեցան

Լուսանկարը` ՊԻՍԸՐԱԱ-ի
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի մոթորսայքլինկի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները` Հաննուշ – Համաթ շրջանին մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 մոթորսայքլիստներ` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Տեղի ունեցան 450 սմ-3, 250 ս-3, Քլոպ-Ման եւ կրտսերներու մրցումները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն եւ այս մարզով հետաքրքրուած մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
CATEGORIES Մարզական

