Քեսապի Հարցով Արամ Ա. Կաթողիկոս Նամակ Ստացաւ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերու Ընդհանուր Պատասխանատուէն

Catholicos-Aram-I-_KessabԿիրակի առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Վալերի Ամոսէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած հանդիպման ու անոր կատարած ցուցմունքներուն համար եւ կը վստահեցնէ, թէ մօտէն կը հետեւի Քեսապի գաղթականներուն հարցին` շարունակելով այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:

Յայտնենք, որ Քեսապի հարցը իր քաղաքական, մարդասիրական ու ազգային երեսներով կը շարունակէ մնալ վեհափառ հայրապետին ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան մտահոգութեան եւ աշխատանքներուն առաջնահերթ առարկան:

Երէկ առաւօտեան, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ երկու միաբան հայրերու, ուղղուեցաւ Լաթաքիա` Քեսապի գաղթականներուն հետ տեսնուելու եւ հանդիպումներ ունենալու պատասխանատու մարմիններուն հետ:

Վեհափառ հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Քեսապի տագնապին գծով հայ ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերած ազգային միասնականութեան ու զօրակցութեան համար: Վեհափառ հայրապետին սպասումն է, որ հայ ժողովուրդի զօրակցութիւնը Քեսապի ու ամբողջ սուրիահայութեան նկատմամբ շարունակուի գործնական արտայայտութիւններով, յատկապէս, նիւթական օժանդակութեամբ թիկունք կանգնելով սուրիահայութեան կարիքներուն եւ ընդհանրապէս վերականգնումի աշխատանքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES