Նախագահ Սլէյմանի Օրով Վերջին Նիստը Գումարելով`. Ազգային Երկխօսութեան Խորհուրդը Ընդգծեց Միջլիբանանեան Երկխօսութեան Շարունակման Հրամայականը
Նախագահ Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան օրով վերջինը նկատուող նիստով մը, Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը Պաապտայի պալատին մէջ, բացակայութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Հըզպալլայի ներկայացուցիչին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի:
Նախագահ Սլէյման նիստի բացման իր խօսքով յետադարձ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ 2006-ին լիբանանեան խորհրդարանին նախաձեռնութեամբ գումարուած Ազգային երկխօսութեան համաժողովին եւ անկէ բխած Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին ցարդ իրականացուցած քայլերուն` «Պաապտայի յայտարարութենէն» մինչեւ Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները:
Նիստի աւարտին, ժողովականները հաղորդագրութեամբ մը վերահաստատեցին իրենց նախանձախնդրութիւնը` սահմանադրական ժամկէտներու յարգումին գծով: Հաղորդագրութիւնը անհրաժեշտ նկատեց կատարել նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին եւ խուսափիլ նախագահութեան պաշտօնը թափուր պահելէ: Ժողովականները ընդգծեցին Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնն ու միջլիբանանեան համակեցութեան գծով իրենց նախանձախնդրութիւնը:
Ժողովի նոր թուական չճշդուեցաւ:
Այս գծով «մարքազիէ» լրատուական գործակալութիւնը յայտնեց, որ երեսփոխան Միշել Աուն, նախքան նիստին բացումը, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նախագահ Սլէյմանի հետ` անոր փոխանցելով, թէ անձնական պատճառով պիտի բացակայի նիստէն, միաժամանակ վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի ճիգերուն:
Նոյն ծիրին մէջ, ժողովին մասնակից Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, դրուատեց նախագահ Սլէյմանի ճիգերն ու ցուցաբերած կեցուածքը երկրին հիմնահարցերուն գծով` զայն նմանցնելով նախկին նախագահներէն զօր. Ֆուատ Շեհապի:
Իսկ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, որ բացակայ էր երկխօսութեան այս նիստէն, շեշտեց, թէ նոր նախագահը պէտք է համընկնի Դիմադրութեան ընտրանքին հետ, «այլապէս ան նախագահ չի կրնար ըլլալ»:
Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ Պերլինէն կատարած իր յայտարարութեամբ անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութիւնը կայացնել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին` պահելու եւ պահպանելու համար Լիբանանի միասնականութիւնը:

