Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անքնութիւն, մտահոգութիւններ պիտի խանգարեն գիշերային ձեր հանգիստը, հետեւաբար օրուան ընթացքը պիտի ըլլայ դժուար եւ ձանձրալի: Համբերեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրոյ հարցին մէջ աճապարելու պէտք չունիք, մանաւանդ երբ նոր ծանօթութիւն մը ունեցած էք եւ սիրոյ պատմութիւն մը պիտի ծաղկի անշուշտ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ձեր պատասխանատուութիւնը լրիւ չկատարէք, կրնաք ջղայնացնել ձեր շուրջը գտնուողները: Եղէք բարեացակամ, որքան որ կարելի է, կը շահիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երաժշտութիւնը կը մեղմացնէ յարձակունակ բնաւորութիւն ունեցողները: Ունկնդրեցէք ձեր նախասիրած եղանակները կամ երգերը: Այս ալ հաճելի է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրամատնային հարց մը կրնայ ծագիլ, բայց դուք պիտի կարենաք հաստատել, թէ սխալ մը եղած է, որուն պատասխանատուն դուք չէք, պէտք է սրբագրել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը կրնայ սկսիլ շփոթ իրադարձութեամբ մը, որուն առաջքը պիտի առնէք շուտով` շնորհիւ ձեր աչալուրջ կեցուածքին: Մտահոգիչ ոչինչ կայ, օրը պիտի ընթանայ լաւ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վարանումի մէջ էք, ինքնավստահ չէք, ունիք հարցեր, որոնք ձեր սրտին կը ճնշեն: Քաջասիրտ եղէք, դադրեցէք ուրիշին վստահելու ձեր կեցուածէն: Կրնաք անձամբ իրագործել ձեր հարցերը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յաճախ, բարեկամութեան պարագային, չէք կրնար արտայայտել ձեր սրտին մէջ պահուածը, մինչդեռ արտայայտուիլը աւելի օգտակար կ՛ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ երբեմն ձեզ կը նկատեն կատակասէր մը կամ անբան մէկը: Այսպիսիներուն հասկցուցէք, թէ դուք իրենց կարծած անձը չէք: Ինքնավստահ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առանձին ճամբորդելը ո՛չ հաճելի է, ո՛չ ալ նպաստաւոր: Այս պարագային գտէք յարմար ընկերակից մը` միասին ճամբորդելու: Ուրախ կրնաք ըլլալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ապագային մասին մտածողը չէք, կը հետեւիք օրը օրին պատահող երեւոյթներու: Այս ընթացքը երբեմն լաւ է, բայց նոյն ատեն եղէք ուշադիր վաղուան համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի ուղղուած դիտողութիւնները չէք կրնար դիւրութեամբ ընդունիլ: Այսուհանդերձ, ընդունեցէք անոնցմէ քանի մը հատը, կ՛օգտուիք: Իմաստուն եղէք:

