Նիկոլ Աղապապեան. «Բնութիւնը Ամէնէն Մեծ Շարժիչ Ուժն Է»

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

DSC_0699galleryHՆիկոլ Աղապապեան գծելու շատ ինքնատիպ ձեւ մը ունի.  անոր նկարներուն մէջ առատ ու շռայլօրէն գործածուած իւղաներկը կը վկայէ, որ վրձինները փոխարինուած են  գծանկարչական դանակներով, որոնք Նիկոլին կ՛օգնեն  պատկերները ստանալ նոյնքան ճշգրտութեամբ ու նրբօրէն, ինչպէս` վրձինով գծելու պարագային: Գեղանկարչական երկար ճամբայ անցած է Նիկոլ Աղապապեան: Այսօր ան ժամանակակից հայ գեղանկարչութեան մէջ իր տեղը ունեցող նկարիչ մըն է, որուն համար մեծ նշանակութիւն ունի մանաւանդ Հայաստանի մէջ  ապրիլն ու ստեղծագործելը:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այսօր կը բացուի Նիկոլ Աղապապեանին անհատական ցուցահանդէսը: Մօտ 25 գեղանկարները Հայաստանի անխառն  բնապատկերներ են, որոնց մէջ Նիկոլին ստեղծած հայրենիքն է` իրական, երազային, մօտ ու հեռու…

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նիկո՛լ, ձեր ցուցահանդէսները հիմնականը Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ եղած են: Ինչո՞վ յատկանշական է Արեւելքի մէջ ձեր այս ցուցահանդէսը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Զիս միշտ նաեւ Արեւելքը հետաքրքրած է. երբ 1994 թուականին Հալէպի մէջ ունեցայ ցուցահանդէս, մինչեւ հիմա տպաւորուած եմ թէ՛ ընդունելութենէն, թէ՛ Արեւելքէն առհասարակ:

Հին Արեւելքէն պահպանուած տեսարաններ մնացած են մէջս, հայկական գաղութն ալ շատ ջերմ ու հիւրընկալ էր: Եւ երբ առաջարկ եղաւ կրկին Արեւելքի մէջ ցուցահանդէս մը ունենալու, համաձայնեցայ:

Լիբանան այցելելս ինծի կրկին անգամ յիշեցուց Սուրիան, անչափ մեծ ցաւ կ՛ապրիմ այն դէպքերուն համար, որ եղան Սուրիոյ մէջ, ինչը մեծապէս ազդեց հայկական գաղութին վրայ: Երբ ես Քեսապ այցելած եմ, ինքզինքս զգացած եմ ինչպէս իմ տանս մէջ, եւ այսօր, իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ իմ ժողովուրդիս ցաւերով  ապրող մարդ, չեմ կրնար անտարբեր մնալ այս բոլորին հանդէպ: Յուսամ` շատ շուտ կ՛աւարտի այս ամէն  ինչը,  եւ սուրիահայ գաղութը կրկին ոտքի կը կանգնի: Ես միշտ ըսած եմ` Սուրիան ու Լիբանանը Հայաստանի պզտիկ մանրակերտերն են, եւ պէտք է ամէն ջանք գործադրելով` ատոնք պահել, իսկ միւս գաղութներու հայերը բերել Հայաստան:

Իսկ ցուցահանդէսը յատկանշական ըլլալու է, որովհետեւ ես շատ քիչ ցուցահանդէսներ ունեցած եմ հայկական համայնքներուն մէջ, ընդամէնը` երեք հատ, տասնեակ մը երկիրներու մէջ ունեցած եմ ցուցահանդէսներ, հիմնականը այդ երկրի բնակիչները այցելած են, այս մէկը նոյնպէս  ըլլալու է հայկական համայնքի մէջ ցուցահանդէս:

Լիբանանեան  ցուցահանդէսին  միայն հայաստանեան տեսարաններ կը տանիմ, մօտ  25 գեղանկար պատրաստած եմ` Շուշիի, Լոռիի, Սիւնիքի, տարբեր վայրերու բնանկարներ,  քանի մը հատ ալ նաթիւրմորթ կայ: Յուսամ` իմ այս ցուցահանդէսովս  քիչ մը աւելի կը սիրեն Հայաստանը:

Հ.- Ինչպէ՞ս գնահատած են օտարները քու արուեստդ, եւ ամէնէն լաւը ո՞ւր ընդունած են:

Պ.- Արուեստը լեզու չունի. թարգմանութեան կարիք չունի. այնպէս որ, այդպիսի տարբերակում չեմ դրած: Իսկ եթէ` աւելի անկեղծ, ապա ամէնէն լաւ ընդունելութիւնը ես գտած եմ իմ ժողովուրդիս կողմէ: Իմ ժողովուրդս է, որ զիս ամբողջութեամբ ընդունած, գնահատած է: Ես կարեւոր կը նկատեմ մանաւանդ այս մէկը, որովհետեւ ես ինքս ալ իմ ժողովուրդին համար կ՛ապրիմ, անոր համար կը ստեղծագործեմ եւ աւելի  պատասխանատու կը զգամ իմ երկրիս մէջ:

Հ.- Ա՞յդ է պատճառը, որ մնացած ես հոս, չես գնացած: Արուեստագէտ  մը փառքի համար չ՛ուզե՞ր աւելի մեծ երկիրներ երթալ: 

Պ.- Շատ առաջարկներ եղած են, բայց իմ հայրենիքս Հայաստանն է, ես հայ եմ, չեմ կրնար ուրիշ տեղ ապրիլ: Եթէ բանով մըն ալ կրնամ օգտակար ըլլալ, աւելի երջանիկ կը զգամ:

Իսկ  փառքը կամ նման բաները երկրորդական ու անկարեւոր են  ինծի համար: Հիմա այդ խնդիրները զիս բացարձակ չեն հետաքրքրեր: Եթէ իմ նկարչութիւնս իմ տեսակիս` հային օգուտ մը չի տար, ես պարզապէս մէկ կողմ կը նետեմ, կը թափեմ: Ըսուած է` նախ քու ծառդ ջրէ, հզօրացուր  եւ ետքը ուրիշներուն տուր քու բարիքներէդ: Այսօր հայ ըլլալը նաեւ ամէն ինչի համար պատասխանատուութիւն կրել կը նշանակէ:

Ստիպուած ես նաեւ ուրիշ բաներով զբաղիլ, նաեւ քաղաքական գործընթացներն ալ քեզի համար են, միւս հարցերն ալ… Հազար տարիէ աւելի  պետականութենէն զրկուած եղած ենք, հիմա վերջնականապէս ինքնուրոյն երկիր ենք, ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ չկորսնցնենք:

Հ.- Ծնած ըլլալով գիւղը, իսկ այսօր բնակելով քաղաքին մէջ` դուն կապուած մնացիր գիւղին հետ, ինչո՞վ կը բացատրես այդ մէկը:

Պ.- Գիւղը, գիւղի մարդիկ, բնութիւնը, գիւղի անչափ մեծ իմաստասիրութիւնը  խորհուրդներն են, որոնք սնած են զիս եւ պահած` մինչ օրս: Ես այս սարերու եւ ձորերու ծնունդն եմ: Եւ երբ կ՛ըսեն, թէ քու ընտանիքիդ մէջ նկարիչներ չեն եղած, ուրկէ՞ ժառանգած ես այդ շնորհը, ես միշտ կ՛ըսեմ, որ հայրենի բնութիւնը ամէնէն մեծ ծնողն է, ամէնէն մեծ փոխանցողը եւ ամէնէն մեծ աղբիւրը, ուրկէ կրնաս ժառանգել:

Գիւղը շատ հոգեհարազատ է ինծի, յաճախ կը նստիմ ինքնաշարժ եւ կ՛երթամ գիւղ, սար, ձոր` նկարելու: Ամէն տեղ բնութիւնը մէկ տեսակ հրաշագործում ըրած է: Երբ առաջին անգամ Շուշի գացի, այնքան հոգեհարազատ զգացի, կարծես հոն ծնած էի, ետքը գիտցայ, որ իմ մեծ մայրս շուշեցի եղած է, հարս եկած է Նոյեմբերեան, Կողբ, ուր ծնած եմ ես:

Նոյն զգացումը ապրեցայ Քեսապի մէջ, աւելի ուշ բացայայտեցի, որ միւս կողմս ալ մուսալեռցիներ եղած են…

Հ.- Ձեր ընտանիքին մէջ նկարիչներ չեն եղած, սակայն եղբայրդ գրող է` արձակագիր Աշոտ Աղապապեանը:

Պ.- Այո՛, գիրի, գրականութեան, արուեստի սիրահար ընտանիքին մէջ մեծցած եմ, քեռիս ալ  գրող Իգնատ Մամեանը եղած է:

Հ.- Կը դասաւանդես Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ. ինչպիսի՞ սերունդ մը կը մեծնայ այսօր:

Պ.- Ամէնէն ուրախալին այն է, որ  հայի տաղանդաւոր ծինը չէ կորսուած, պիտի չկորսուի, միշտ պիտի ըլլայ: Ես ամենայն պատասխանատուութեամբ կը վերաբերիմ այդ  ուսանողներուն հետ: Նոյնիսկ մէկ հոգիի համար ես պատրաստ եմ իմ ջանքս գործադրել, եթէ գիտնամ, որ այդ տասնեակին  մէջէն մէկ հոգիի  մէջ արուեստի կրակը կը վառի:

Հ.- Քու նկարչութիւնդ հիմա ի՞նչ ուղղութիւններու մէջ է, ի՞նչ գեղարուեստական մտածողութեան մէջ ես իբրեւ արուեստագէտ:

Պ.- Կը փորձեմ ժամանակի ետեւէն հասնիլ: Այսինքն, այն գործընթացները, այն  շարժումը, որուն մէջ ենք այսօր, մշակոյթը հոն յապաղած է, մինչդեռ արհեստագիտութիւնը ուր ըսես` հասած է: Այդ աներեւակայելի արագընթաց վազքի ետեւէն արուեստագէտի մը դժուար է հասնիլ, բայց ջանք կ՛ընեմ:

Հիմա մտածողութեամբ կրկին բնութեան մէջ եմ, քանի որ բնութիւնը ի՛նք ամէնէն մեծ շարժիչ ուժն է, անոր միջոցով կրնաս հասնիլ ուր ըսես:

Նորէն բնանկարներ կ՛ընեմ, որովհետեւ ես աչքս բացած եմ, տեսած եմ այն հրաշք սարերն ու ձորերը, ուրեմն ես հիմա  կը խօսիմ ինծի ամէնէն հարազատ լեզուով, իսկ եթէ ուրիշ բաներ նկարեմ,  օտար բաներ ընեմ, շատ կեղծ պիտի ըլլայ:

Հ.- Մասնագէտները ինչպէ՞ս բնորոշած են քու ուղղութիւնդ, եւ դուն ինքդ ի՞նչ ազդեցութիւններ կրած ես:

Պ.- Ես  բնորոշումներուն կարեւորութիւն չեմ տար առհասարակ, ատիկա ալ երկրորդական է: Բայց վերջերս արուեստաբան մը իմ ուղղութիւնս բնորոշեց իբրեւ էթնոիմփրեսիոնիզմ, որ հետաքրքրական եզր մըն էր, հակառակ անոր որ իմփրեսիոնիզմը արուեստի արտաքին շերտն է  միայն, իսկ իմ նկարչութեանս մէջ  խորքային շերտեր կան, էական հարցեր կան…

Ես գեղարուեստի բոլոր ուղղութիւնները ուսումնասիրած եմ, բայց կրցած եմ  ազդեցութիւններու տակ չիյնալ: Պարզապէս ուսումնասիրած եմ, որպէսզի կարողանամ հիմա այսպէս հանգիստ խօսիլ:

Իսկ առհասարակ Արշիլ Կորքին մեծութիւն կը նկատեմ, մերն է, հզօր է, մեծութիւն կը նկատեմ  Սարեանն ալ, Վան Կոկն ալ, Կոյան ալ, շատ են անունները:

Հ.- Նիկո՛լ, դուն արդէն երեսուն տարի է` կը  նկարես եւ կը ցուցադրես, ճանչցուած անուն ես,  իսկ քու նկարչութիւնդ ազդեցութիւն մը ձգա՞ծ է այլ մարդոց վրայ:

Պ.- Հաճելի է այդ մասին լսել, տեսնել, որ քու նկարչութիւնդ ազդած է, բայց ատոր մէջ ուրիշ  բան մըն ալ կայ, կարծես քեզ թալանեն, գողնան: Օր մը Վերնիսաժում իմ նկարներէս տեսայ, որ շատոնց ծախուած էր, զարմացայ, տեսայ, որ մէկը  ալպոմի մէջէն պատճէնած է, կը վաճառէ: Սկիզբը հաճելի է, բայց ետքը թալանուած կը զգաս: Բայց ըսեմ, որ ատիկա ալ կարեւոր չէ, կարեւորը, այն է, որ  արուեստը դրականը փոխանցէ, եւ առհասարակ, մշակոյթը դրականը միայն փոխանցէ: Բացասականը արդէն շատ է, պէտք չէ, որ արուեստը իր կարգին  քարոզէ: Նկարիչներ կան` համաշխարհային անուններ ունեցող, որոնց նկարները դիտելէ ետք  շատ մարդիկ ինքնասպանութիւն գործած են, խեղումներ եղած են, քանի որ այդ նկարը ստեղծողը ի՛նք հոգեկան առողջ վիճակներու մէջ չէ եղած:

Հ.- Իսկ արուեստագէտին ի՞նչը  կ՛օգնէ միշտ առողջ մտածողութեան մէջ մնալու:

Պ.- Սէրը: Առհասարակ, Աստծոյ, աշխարհի,   մարդոց, ծնողի, հարազատներու, զաւակներու,    գեղեցիկի հանդէպ սէրը:  Մշակոյթի գերխնդիրն  այն է, որ սէրը աւելցնէ, եթէ դուն տաղանդաւոր եւ շնորհքով ես եւ սէրը, բարութիւնը  չես աւելցներ, ապա ինչի՞  համար է պէտք  քու շնորհքդ: Չարութիւն, տգեղութիւն,  այլանդակութիւն քարոզող պատկերներով դրամ աշխատիլը չեմ ընդունիր, առհասարակ, արուեստի մէջ շոն, կեղծիքը չեմ ընդունիր:

Մասիս սարը մեր ամէնօրեայ քարոզիչն է, կենդանի եկեղեցին է, ես միշտ ըսած եմ, որ  կեդրոնագմբէթ եկեղեցաշինութիւնը սարքուած է Մեծ Մասիսի եւ փոքր Մասիսի գագաթներու չափորոշիչներով: Սուրբ լեռ է, սուրբ չըլլար, Նոյն այստեղ ի՞նչ գործ ունէր: Ասոնք ամէնը խորհրդանիշներ են, որ պէտք է համադրել, իսկ արուեստը լրացնող պիտի ըլլայ, իսկ եթէ չլրացուց,  բաց տեղեր մնացին, ազգատեաց, մարդատեաց ուժերը  կը լեցուին, կը քայքայեն:

Հ.- Նիկո՛լ, ապագային ի՞նչ ձեւ կը ստանայ քու  նկարչութիւնդ:

Պ.- Եթէ ես շարունակեմ նկարել, հաստատապէս կը փոխուի, բայց կը փոխուի ներքնապէս, էապէս, ոչ թէ արտաքին փոփոխութիւն կ՛ըլլայ այդ մէկը: Ինծի շատ առաջարկած են փոխել իմ  ժանրս, շուկայական ուղղութիւններու մէջ ինքզինքս առաջ տանիլ, առաջարկողներն ալ հրեաներ եղած են, սակայն ես չեմ համաձայնած: Ես շրջան մը ունէի` կէտանկարչութիւն կ՛ընէի, իրենք շատ հաւնած էին եւ առաջարկեցին շարունակել, բայց այդ շրջանը աւարտեցաւ, շրջան մը երկար չի կրնար իշխել նկարիչի մը արուեստին մէջ, եւ նկարիչ մը չի գիտնար` վաղը ի՞նչ կ՛ըլլայ իր մտածողութեան հետ:

Սկիզբը ես վրձինով կը նկարէի, ետքը վրձինը դուրս եկաւ իմ նկարչութենէս, դանակով սկսայ քսել ներկը, ետքը դանակներուն չափերը փոխուեցան, մեծցան, կտաւին չափերը մեծցան…  Ի՞նչ կ՛ըլլայ վաղը` ե՛ս ալ չեմ գիտեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES