Արամ Ա. Կաթողիկոս Ճաշի Հիւրը Եղաւ Պահրէյնի Թագաւորին
Պահրէյնի միջազգային համագումարին բացման առաջին օրը, պետութեան կողմէ յատուկ հրաւիրեալներ, շուրջ տասնհինգ անձնաւորութիւններ, ճաշի հիւրը եղան Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆային: Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին, ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ ճաշկերոյթին:
Պահրէյն ժամանման առաջին գիշերը, վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի փոքրաթիւ հայ համայնքին հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Սէուտական Արաբիայէն ժամանած հայորդիներ:
Ի պատիւ վեհափառ հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին խօսք առին Թեհրանի հայոց առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Քուէյթի եւ Պահրէյնի ու շրջակայից կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան: Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառը գնահատեց Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն կապուածութիւնը հայ եկեղեցւոյ: Ան թելադրեց միշտ հաւատարիմ մնալ հայկական արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, եւ մասնակից դառնալ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին:

