Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ. «Համացանցին Մէջ Արցախեան Հիմնահարցը` Հայկական Եւ Ազրպէյճանական Դիտանկիւններէն» Նիւթով Շահեկան Մամլոյ Լսարան
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն, երէկ` չորեքշաբթի, 7 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարան, որուն նիւթն էր «Համացանցին մէջ արցախեան հիմնահարցը` հայկական եւ ազրպէյճանական դիտանկիւններէն»: Զեկուցումը ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան:
Լսարանի զրուցավարն էր «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ նշեց, թէ 1994-ի զինադադարէն ետք, քարոզչական պատերազմը անդուլ կերպով կը շարունակուի, եւ այս պատերազմին մէջ կ’օգտագործուին տարատեսակ եւ տարբեր որակի զէնքեր, տեղեկատուութիւն, ապատեղեկատուութիւն եւ մինչեւ իսկ հակառակորդին կայքերուն դէմ համացանցահէնային յարձակումներ:
Էմմիեան ըսաւ, որ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ եթէ սուտ մը շարունակ կրկնուի, կը սկսի առնուազն մասամբ համոզիչ դառնալ թերեւս մինչեւ իսկ զայն հնարողին, որ մանուկի մը պէս կրնայ սկսիլ հաւատալ իր իսկ տարածած սուտին, սակայն հայկական կողմէն հնչող ճշմարտութեան ապտակը անկասկած սթափեցնող ազդեցութիւն կ’ունենայ, պայմանաւ որ անիկա աշխուժ եւ կռուախնձոր եղող թիրախին պատշաճող ըլլայ:
Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց հայկական եւ ազրպէյճանական պետական, լրատուական եւ տեղեկատուական կայքերը: Դոկտ. Յովհաննիսեան շեշտեց, թէ ազրպէյճանական կայքերուն մէջ մնայուն ներկայութիւն են կեղծ ջարդերու պատկերներու նկարները, իսկ այդ կայքերուն մէջ հայալեզու տարբերակներու մեծաթիւ ներկայութեան նպատակը սփիւռքը շփոթի մատնելն է: Իսկ օտար լեզուներու ներկայութիւնը կը միտի միջազգային ընտանիքին մօտ իւրաքանչիւր յատուկ շրջանակի համար ստեղծել այն մտածողութիւնը, թէ հայերը ահաբեկիչներ են ու իրենք այսպէս կոչուած ջարդ կատարած են Խոջալուի մէջ:
Դոկտ. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ 31 մարտի ճշդումը` իբրեւ հայերու կողմէ այսպէս կոչուած ջարդերու թուական, պատասխան-հակազդեցութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ այս առնչութեամբ ազրպէյճանական կողմը լուրջ կերպով փորձ կը կատարէ այս դէպքը ներկայացնելու իբրեւ շրջանի մեծագոյն խնդիր:
Անդրադառնալով արցախեան հիմնահարցին գծով Հայաստանի պետական կայքերուն` զեկուցաբերը հաստատեց, որ պաշտօնական կայքերուն միջեւ յստակ համակարգում կայ, ինչ որ դրական է:
Թրքական գործօնին մասին դոկտ. Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը այս բոլոր կայքերուն մէջ ակներեւ է, ճիշդ է, որ պաշտօնապէս ներկայ չէ, բայց մնայուն կերպով կը հետեւի, մասնագէտներ ու այլ միջոցներ մնայուն կերպով կը տրամադրէ, որովհետեւ խնդիրը կը ծառայէ նոյնինքն Թուրքիոյ շահերուն:
Ապա զեկուցաբերը ներկայացուց այսպէս կոչուած Խոջալուի ջարդին մասին կայքերու նկարներու եւ տեղեկութիւններու սխալները, որոնք բացայայտուած են եւ հայկական կայքերուն մէջ տեղ գտած են, շնորհիւ կազմակերպուած հետազօտական աշխատանքներու: Դոկտ. Յովհաննիսեան աւելցուց, որ հայկական մամուլին մէջ ազրպէյճանական կողմին նպաստող յայտարարութիւնները արագօրէն լոյս կը տեսնեն հայերէն ազրպէյճանական կայքերու էջերուն մէջ:
Մամլոյ լսարանի աւարտին ներկաներուն տրուեցաւ հարցումներու առիթ:

