Նախագահ Սլէյման Մերժեց Ստորագրել Հին Վարձքերը Փոփոխութեան Ենթարկող Օրէնքը

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ստորագրեց խորհրդարանին վաւերացուցած նոր օրէնքները, բացի հին վարձքերուն վերաբերող օրէնքէն` հիմնուելով իր այն համոզումին վրայ, թէ ընկերային արդարութիւն չապահովող որեւէ օրէնք կրնայ քաղաքացիներու այս կամ այն խմբաւորումին համար անարդար ըլլալ:

Նշենք սակայն, որ երբ օրէնքը խորհրդարան չէ վերադարձուած` զայն վերատեսութեան ենթարկելու, կամ Սահմանադրական խորհուրդին չէ յղուած` զայն բողոքարկելու նպատակով, ապա ան սահմանադրութեան 56-րդ յօդուածին համաձայն, ինքնաբերաբար լոյս կը տեսնէ պետական պաշտօնաթերթով:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման առաւօտեան ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց ուրբաթ կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին օրակարգը:

Նախագահ Սլէյմանի յաջորդաբար այցելեցին նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որոնք քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES