Այշէ Կիւնայսու . «Քեսապ Երրորդ Անգամ Կ՛ապրի Սպաննիչ Ողբերգութիւն»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Ազդակ» երեքշաբթի, 15 ապրիլին անդրադարձած էր թուրք յայտնի հրապարակագիր Այշէ Կիւնայսուի Քեսապի ողբերգութեան մասին յօդուածին: Ստորեւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տանք յիշեալ յօդուածին մասին:
Այշէ Կիւնայսու «Էօզկիւր Կիւնտեմ»-ի մէջ հրատարակած է «Քեսապ 1909» խորագրեալ յօդուած մը, ուր ան յուզիչ տողերով կը պատմէ, որ այսօր քեսապցի հայերուն գլխուն եկածը 1909-ի թուականէն ի վեր երրորդն է: Ան իր համակարգիչի պաստառին վրայ կը տեսնէ 30 յուլիս 1909 թուակիր «Իվնինկ Նիուզ Սիտնի» անուն թերթէն լուր մը, որ կը կրէ «Քեսապի մէջ կրակ եւ սուր» խորագիրը: Այշէ Կիւնայսուի համաձայն, այն, ինչ որ ապրիլ ամսուան ընթացքին քեսապցիներուն գլխուն եկաւ, նոյն աշխարհագրութեան վրայ ապրող 30 հազար հայերու սպանութեամբ վերջացած սարսափազդու Ատանայի սպանդին մէկ մասնիկն էր: Քեսապէն հոգեւորական Սթեֆան Վան Թրոպրիչ Աւստրալիոյ մէջ մէկու մը ղրկուած իր նամակին մէջ կը պատմէ որպէս առաջին ականատես իր տեսածներն ու իմացածները: 22 ապրիլ հինգշաբթի օր մը թուրքերը եւ արաբները «Մարթին» հրացաններով յարձակեր են Քեսապի վրայ: Գիւղաքաղաքը պաշտպանելու կոչուած 300 քեսապցիներուն հրացանները երկարաձիգ չէին, չէին հասներ գրաւիչներուն, ուստի անոնք հասկցան, որ գլուխ պիտի չելլեն եւ ժողովուրդը հրաւիրեր են հեռանալու եւ ապաստանելու Գալատուրան գիւղին մէջ:
Այշէ Կիւնայսու 1909-ին պատահած այս սպանդին մասին շատ սրտաճմլիկ նկարագրութիւն մը ունի նաեւ Ազնիւ հանըմ անուն կնոջ մը մասին, որ իր չորս զաւակներով ինկաւ հակառակորդներուն ձեռքը: Իր ամուսինը զանոնք պահած էր քարանձաւի մը մէջ, բայց նախայարձակները զանոնք գտած էին հոն: Երեխաներէն մէկը մէկ կողմի ժայռերէն, միւսը միւս կողմի ժայռերէն վար նետեցին: Ազնիւ հանըմն ալ դրին ձիու մը վրայ, բայց երբ ձիուն ոտքը սայթաքեցաւ, տարաբախտ կինն ալ ինկաւ ժայռերէն վար: Տասը օր վերջ մանչ զաւակն ալ կեանքը կորսնցուց: Քահանան կը գրէ, որ իր կեանքին մէջ պիտի չմոռնայ այն յուղարկաւորութիւնը, որ կատարուեցաւ այդ տղուն համար: «Երբ Գալատուրան էի, այդ փոքրիկ տղաքը ես իմ ձեռքերով թաղեցի: Կեանքիս մինչեւ վերջ պիտի չկարենամ մոռնալ այդ սրտաճմլիկ յուղարկաւորութիւնը, որ կատարուեցաւ ծառերուն ներքեւ», ըսած է քահանան: Ուրեմն, ինչ որ պատահեցաւ 1909 թուականին, կրկնուեցաւ թէ՛ 1915-ին եւ թէ՛ այսօր 2014 թուականին: Բոլորին մէջն ալ դերակատարները նոյնն են, նոյնն են նաեւ զոհերը:

