Վանքուվըրի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Քանատայի մարմինի կազմակերպութեամբ, Վանքուվըրի հայութիւնը ապրիլ 27-ին ոգեկոչեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը:
Այս տարուան ոգեկոչման ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ բացումը «Մաունթըն վիու» գերեզմանատան շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին, որ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողի մը մատնահետքի քանդակը: Յուշակոթողին վրայ գրուած է, որ անիկա հոն զետեղուած է յարգելու համար յիշատակը 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն:
350 հայորդիներու ներկայութեամբ կայացած յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առին Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի արդարութեան նախարար Սուզան Անթոն, Քանատայի խորհրդարանի անդամներ` Տոն Տէյվիս եւ Ժասփիր Սանտու, նահանգային երեսփոխան եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ատրիան Տիքս, Վանքուվըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ` Քերի Ժանկ եւ Ռէյմոնտ Լուի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին թրքական պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:
Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի խօսքը փոխանցեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ Անտրու Սաքսթըն:
Արարողութեան հանդիսավարութիւնը կատարեցին Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վարդօ Փափազեան: Յուշակոթողին ծրագրի պատմականը ներկայացուց Ճորճ Շահնազարեան: Յուշակոթողին մասին բացատրութիւններ տուաւ յուշակոթողին հեղինակը` Մաթիլտա Ասլիզատէն:

