Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին Մէջ. Բացում «Յովհաննէս Մանուկեան» Սրահին

srahԵրէկ` հինգշաբթի, 8 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ գրադարանի սենեակներէն մէկուն, որ կոչուեցաւ «Յովհաննէս Մանուկեան» սրահ: Ձեռնարկին ներկայ էին Մանուկեանի հարազատներէն` Պաղտասար Քուքճեան եւ Սիլվա Գարավարդանեան, ինչպէս նաեւ` Համազգայինէն եւ Ճեմարանի անձնակազմէն անդամներ:

Այս առիթով Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ հանգուցեալ բարերար Յովհաննէս Մանուկեանի կեանքին ու գործունէութեան, յատկապէս` Ճեմարանի մէջ անոր նիւթաբարոյական կարեւոր ներդրումին: «Յովհաննէս Մանուկեան Լիբանանի պատերազմին սկիզբը գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր իր գործը բարգաւաճելով  նիւթական բաւական լաւ վիճակ կրցած է ապահովել», ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան եւ աւելցուց. «Յովհաննէս Մանուկեանը կանոնաւոր կերպով նաեւ Ճեմարանին կ՛օժանդակէր. երբ մահացաւ, անոր զաւակները իր Ճեմարանին կապուածութիւնը նկատի ունենալով  փափաքեցան, որ փոխան ծաղկեպսակի Ճեմարանին ի նպաստ հանգանակութիւն ըլլայ եւ հաւաքեցին բաւական գումար, որուն վրայ նաեւ իրենք ալ որոշ գումար մը աւելցնելով` 15 հազար տոլար գոյացուցին եւ փոխանցեցին մեզի»: «Հիմա մենք, առ ի երախտագիտութիւն անոր տարիներու օժանդակութեան եւ ընդառաջելով իր ընտանիքի փափաքին, որոշեցինք «Յովհաննէս Մանուկեան» կոչել այս սրահը», ըսաւ Ճեմարանի տնօրէնը` աւելցնելով. Ճեմարանի գրադարանը Լիբանանի եւ թերեւս սփիւռքի մեծագոյն գրադարաններէն մէկն է, ուր առնուազն 60 հազար անուն գիրք կայ, հին գրականութիւն կայ եւ թերթերու հաւաքածոներ կան: Այսպիսի հաստատութեան մէջ անուն ունենալը կը կարծեմ, որ մեծ պատիւ է», ընդգծեց Ճինպաշեան` խօսքը փոխանցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Նարեկ արք. Ալիեմէզեանին: Սրբազան հայրը հոգեպարար յատուկ արարողութեամբ ու պահպանիչով օրհնեց սրահը եւ իր սրտին խօսքը փոխանցեց` անդրադառնալով իր եւ Յովհաննէս Մանուկեանի պատանեկութեան ու երիտասարդութեան շրջանի իրենց բարեկամական հարազատ յարաբերութեան: «Ես կը յիշեմ 1960-ական թուականներու աւարտին եւ 1970-ական թուականներու սկիզբը, երբ տակաւին այսօրուան ճոխութիւնները չկային, Յովհաննէս Մանուկեանը այդ շրջանին սակաւաթիւներէն էր, որ կրցաւ բարձրագոյն ուսում ստանալ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, երբ Ամերիկա գնաց, կեանքի մէջ յաջողութենէ յաջողութիւն երթալ: Մեր ծնողները մեծ հպարտութեամբ կը յիշէին իր անունը: Ինչպէս յիշուեցաւ, Յովհաննէս Մանուկեանը Ճեմարանին շատ կապուած էր եւ Ճեմարանին ընդմէջէն նաեւ կապուեցաւ Հայաստանին: Առիթով մը ան Հայաստանի մէջ ըսաւ ինծի. «Երբ Հայաստան անկախացաւ, ականջիս մէջ վերահնչեցին Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը, որ մեզի կ՛ըսէր. «Պիտի գայ օրը, երբ Ճեմարանէն ձեր առածը պիտի տանիք Հայաստան: Յովհաննէս Մանուկեան մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը հաւատաց, որ կրնայ անձնական մասնակցութեամբ, Հայաստանի հողին վրայ ներկայութեամբ իր նպաստը բերել հայրենակերտումի սրբազան առաքելութեան», շեշտեց Ալիեմէզեան սրբազանը` վերյիշելով, որ Մանուկեան Էջմիածինի մօտ գնած էր հսկայ տարածքներ եւ ուզած էր անոնց վրայ պարտիզամշակութիւն ընել եւ անոր հունձքին եկամուտը յատկացնել արցախեան ազատամարտին զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն: «Ահաւասիկ այսօր, այս գրադարանի օրհնութեամբ եւ այս յուշատախտակի զետեղումով ինք իբրեւ ոգեղէն ներկայութիւն` կը վերադառնայ իր շա՜տ սիրած Ճեմարանը», ըսաւ սրբազան հայրը` մաղթելով, որ Յովհաննէս Մանուկեանի օրինակին հետեւին իր զաւակներն ու թոռները եւ ատոր գրաւականը կա՛յ:

«Այդ վստահութեամբ է, որ ես կ՛ոգեկոչեմ Յովհաննէս Մանուկեանի յիշատակը եւ միաժամանակ կը շնորհաւորեմ իր ընտանիքը, Մանուկեան ընտանիքը եւ հոս ներկայ եղող իր հարազատները եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը, այն ակնկալութեամբ, որ բոլոր ճեմարանականները իրենց ներդրումը շարունակեն բերել Ճեմարանին: Այն ինչ որ մենք կու տանք մեր ազգին, մեր մշակոյթին, մեր եկեղեցիին, մեր դպրոցին` ա՛յդ է, որ կը մնայ», ընդգծեց սրբազանը:

Յովհաննէս Մանուկեան խորապէս կը հաւատար «գիրք»-ի առաքելութեան, յատկապէս` այնպիսի գիրքերու, որոնց ընթերցումը ներշնչեց ու ազատատենչ ամբողջ սերունդ մը «մղեց» դէպի յեղափոխութիւն` յանգելով 1918-ի Մայիսեան անկախութեան: «Յովհաննէս Մանուկեան» սրահի անուանակոչումը կու գայ նոր աւիշ սերմանելու իր եւ իր նմաններու այդ նպատակասլաց տեսլականին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )