Ճատրակ. Պէյրութի 7-րդ Միջազգային Բաց Մրցաշարք. Երեք Կրանտմասթըրներ` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

0905chess-3-rd-roundՖըրն Շըպպեքի ֆրերներու ակումբին մէջ տեղի ունեցող Պէյրութի ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք երկարեցան բաւական ուշ, երեք կրանտմասթըրներ` ռուս Ալեքսանտր Ռապթեսքի, ազրպէյճանցի Ազեր Միրզոյեւ եւ Պիելոռուս Սթոյաք Քիրիլ, իրենց երրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելով այժմ կը գտնուին պարագլուխի դիրքին վրայ` 3-ական կէտով:

13 ուրիշներ, որոնք ապահոված են 2,5-ական կէտ, կը բաժնեն 2-րդ դիրքը:

5 ժամ տեւած ճակատումէ մը ետք, լիբանանցի վարպետ Ֆայսալ Խէյրալլա հաւասարութիւն մը արձանագրեց միջազգային վարպետ չեխ Իկորզ Ռոսիսի հետ:

Գ. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան` լիբանանցի Պասել Շարաֆի դէմ: Քոթանճեան այժմ ունի 2,5 կէտ:

5-րդ հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին շաբաթ օր, մինչ կիրակի օր տեղի պիտի ունենան 6-րդ եւ 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները:

Share this Article
CATEGORIES