ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏԽՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԽԱՌՆՈՒԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Յատկանշական եւ տիրական երեւոյթ է ամավերջի հանդէսներուն, յատկապէս`  բարձրագոյն կարգերու, նկատել, որ աշակերտներուն մէջ կը խլրտին յաջողածի ուրախութեան եւ բաժնուողի տխրութեան զոյգ զգացումները, որոնք, հակառակ ամբողջովին հակասական ըլլալնուն, կը միանան շրջանաւարտներուն հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ:

Տարիներու աշխատանքին ու ջանքերուն, ծնողներու ճիգերուն ու զոհողութեան, ուսուցիչներու անսակարկ նուիրումին ու մնայուն կերպով տալու պատրաստակամութեան իբրեւ արգասիք ձեռք ձգուած վկայականները միեւնոյն ատեն կու գան «անցագիր»ը ըլլալու տուեալ միջավայրէ մը դէպի ուրիշ մը անցնելու, ինչ որ յուզում կը յառաջացնէ յատկապէս աշակերտներուն մէջ, որովհետեւ այբուբենի տառերու առաջին հնչիւնէն մինչեւ իրենց հասունացման ականատես ու վկայ եղած կառոյցէն, ուսուցիչներէն եւ տնօրէնութենէն բաժանումի իրողութիւնը անխուսափելի է: Սակայն կայ այն, որ այդ վկայականները հիմնականին մէջ զէնք են` կեանքի պայքարը յաջողութեամբ ու վճռակամութեամբ շարունակելու:

Այս մթնոլորտն ու տրամադրութիւնը տիրական էր Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի շրջափակին մէջ, հինգշաբթի, 23 յունիս 2011¬ին, երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, երբ տեղի ունեցաւ քոլեճի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն Խանամիրեաններուն: Ոգեւորուած եւ սպասողական վիճակի մէջ էին ծնողներն ու բարեկամները, պրկուած եւ ուրախութեամբ համակուած էին շրջանաւարտները, որոնց մուտքով եւ այդ առիթով ներկաներուն ծափողջոյններով ընթացք առաւ հանդիսութիւնը, որուն բացումը կատարուեցաւ Ժաք Ս. Յակոբեանի «Խրախուսանք» բանաստեղծութեան տպաւորիչ ասմունքով, զոր կատարեցին շրջանաւարտները:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարբեր դասարաններու աշակերտներ` «Թամզարա» եւ «Նազանի» պարերով, արաբերէնով «Աժեալունա ալ թալիաա» եւ անգլերէնով «Ֆրենտշիփ փոէմ» արտասանութիւններով: Իսկ այս բաժինի եզրափակումը եւս կատարեցին շրջանաւարտները` «Վերջին զանգ» երգի մեկնաբանութեամբ:

Թամար Բախտիքեան հայերէնով, Րաֆֆի Զարիֆեան արաբերէնով եւ Սագօ Կիւվլեքճեան անգլերէնով արտասանեցին ուղերձներ` շեշտելով պահուան իւրայատուկ եւ անկիւնադարձային ըլլալը, հաստատելով, որ այս դպրոցը եղած է իրենց հարազատ բոյնը, ուր ոչ միայն կերտուած են իբրեւ մարդ, այլ նաեւ` իբրեւ հայ, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնց շնորհիւ այդ անմոռանալի եւ իւրայատուկ պահը ապրելու առիթը կ՛ունենան:

Թամար Բախտիքեան հաստատեց, որ Խանամիրեան վարժարանին մէջ իրենց փոխանցուած է լոյս ու հաւատք, կամք ու գոյատեւելու ուժ, մեսրոպեան շունչ եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Րաֆֆի Զարիֆեան դիտել տուաւ, որ այսօր իրենք պատասխանատու դիրքով կանգնած են նոյն շրջափակին մէջ, ուր տարիներ շարունակ խաղացած են, նշելով, որ այս հակասութեամբ լի պահը կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել այն համոզումով, որ կրկին դպրոց պիտի վերադառնան` այս անգամ իրենց զաւակները առաջնորդելով հոս: Սագօ Կիւվլեքճեան ըսաւ, որ այս վարժարանին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ձեռք կը ձգէ ապագայ կերտելու եւ որոշումներ տալու կարողականութիւն, իսկ վկայականը լաւագոյնս կը ծառայէ շարունակելու կեանքի պայքարը:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, եւ մրցանակներ ստացան Ա.էն Թ. դասարանի լաւագոյն միջիններ ապահոված աշակերտները, ինչպէս նաեւ տրուեցան յատուկ մրցանակներ, որոնց կարգին հայերէնի լաւագոյն միջին ապահոված «Սանդուխտ եւ Հայրապետ Խաչերեան» մրցանքը` Թամար Բախտիքեանի, գիտական նիւթերու «Ժաք Վէքիլեան» մրցանքը` Րաֆֆի Բարիքեանի, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան մրցանքներ Դ., Ե., Զ. եւ Է. կարգերու առաջին հանդիսացողներուն` Արա Գունճեան, Նոյեմի Սարգիսեան, Ռիթա Սարգիսեան եւ Մարիա Կրէյս Մաճարեան: Ծառայասէր աշակերտի մրցանակ ստացաւ Ռիթա Մարտիրոսեան, իսկ տիպար աշակերտի` Րաֆֆի Զարիֆեան, տրամադրուած խանամիրեանականներու միութեան կողմէ:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ նշեց, թէ ցանուած հունտերը հասած են ու բերքահաւաքի պահն է արդէն: Անոր համաձայն, բոլորին մէջ առկայ քաղցր տխրութիւնը ուրախութեան պիտի վերածուի, երբ աշակերտները կարենան վկայականները օգտագործել լաւագոյն ձեւով` իրենց կեանքի պայքարին մէջ: Ան հաստատեց, որ արձանագրուած յաջողութեան արգասիքը եղող այս պահը ուրախութիւն ներշնչող է բոլորին, որովհետեւ անիկա նաեւ փաստ է դպրոցի յաջողութեան, վկայութիւն է բարերարներուն` իրենց նեցուկի արդիւնաւէտութեան, նաեւ հպարտութիւն է ծնողներուն, որովհետեւ վկայականը անոնց զոհողութիւններուն փոխադարձն է:

Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ան կոչ ուղղեց քաջ ու ուղղամիտ ըլլալու կեանքի յաջորդ հանգրուանին, յառաջանալու խրոխտ ու հաստատ քայլերով, խանամիրեանականի հպարտութեամբ մուտք գործելու ամէն տեղ ու դիմագրաւելու ամէն տեսակի դժուարութիւն:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, դպրոցի հիմնադիր Սուրէն Խանամիրեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Սագօ Արմէնեանի եւ քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի ձեռամբ:

Վկայականներ ստացան` Այնթէպլեան Կարի, Արզումանեան Թալին, Բախտիքեան Թամար, Գազանճեան Արազ, Եագուպեան Վերժինա, Էկիւլեան Մարկարիթա, Կեպենեան Նարինէ, Յակոբեան Փոլինա, Պելեան Հուրի, Փամփալեան Վարդենի, Պետրոսեան Փիթըր, Տարագճեան Արա, Կիւվլեքճեան Սագօ եւ Զարիֆեան Րաֆֆի:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան. ան հաստատեց, որ տարուան աւարտին աշխատանքի պսակումը կը կատարուի վկայականներու յանձնումով, որ նաեւ նշան է հայ դպրոցի առաքելութեան մնայուն վերանորոգման, որովհետեւ ամէն տարի կայացող այս հանդէսները կը փաստեն, որ դպրոցը աշխուժ է, կը գործէ եւ սերունդներ կը կերտէ: «Հայ դպրոցը մնայուն կերպով նոր բջիջ արտադրող կեդրոն է, որպէսզի հայութիւնը չծերանայ, միշտ նորոգուի ու անոր շարունակականութիւնը երաշխաւորուի», հաստատեց առաջնորդը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր հայ շրջանաւարտ իր ազգի թարմացման պիտի նպաստէ:  Առաջնորդ սրբազանը ցաւ յայտնեց հայ դպրոցին նկատմամբ կարգ մը ծնողներու մօտեցումի փոփոխութեան համար` դիտել տալով, որ պէտք է վստահ ըլլալ, որ մեր դպրոցներուն մէջ նոր օղակներ կ՛աւելնան մեր ազգի գոյատեւման շղթային վրայ, որովհետեւ հայ դպրոցին մէջ բոլորը կը գործեն` կերտելու սերունդներ, որոնք ճիշդ ուղիով պիտի քալեն:

Իր խօսքի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «լիբանանահայ բարերարներու նահապետ» Սուրէն Խանամիրեանին` դիտել տալով, որ մեծագոյն բարերարութիւնն ու ազգին համար լաւագոյն ներդրումն է դպրոց կառուցելը, որովհետեւ այդպիսով երաշխաւորուած կ՛ըլլայ սերունդներու աճն ու հայեցի կրթութեամբ թրծուիլը: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները` կոչ ուղղելով անոնց յառաջանալու ինքնավստահ կերպով, նաեւ գնահատեց հայ դպրոցի գոյատեւման համար ջանք թափող իւրաքանչիւր անհատ:

Ն. Բ.

Share this Article
CATEGORIES