«Թուրքիա Եւ Վրաստան Կուր Գետին Վրայ Ամբարտակ Պիտի Կառուցեն» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

Կուր գետը

Կուր գետը

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ Թուրքիա եւ Վրաստան մտադիր են միացեալ նախագիծ մը իրականացնել եւ Կուր գետին վրայ ամբարտակ մը կառուցել:

Ըստ անոր, կ՛ակնկալուի, որ թրքական կողմը ֆինանսաւորէ նախագիծին 80 առ հարիւրը: Ան նշած է, որ նոր ամբարտակը պիտի օգտագործուի Վրաստանի ջրելեկտրակայաններէն մէկուն համար:

Եըլտըզ հաղորդած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Վրաստան կատարած այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է ելեկտրականութիւնը թրքական շուկային միջոցով Եւրոպային վաճառելու վերաբերեալ:

Share this Article
CATEGORIES