Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ժամհուր` 3-2
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ երէկ Շարքի դաշտին վրայ ճակատեցաւ Ժամհուրի դէմ, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Վաչէ Ղուկասեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Սեպասթիան Կոնսթանթին:
CATEGORIES Մարզական

