Պահրէյնի Միջազգային Համագումարի Յայտարարութիւնը

May-Bahrain-CongressԱնցնող օրերուն Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային միջկրoնական համագումարը իր աշխատանքներու աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը:

Յիշեալ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ.

– Միջկրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

– Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը քաջալերելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կոչին զօրակցութիւնը:

– Մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող զանազանութեանց պահպանումը եւ միաժամանակ հասարակաց տուեալներու ու ազդակներու շեշտաւորումը:

– Կրօնը քաղաքական շահարկումներէ հեռու պահելու հրամայականը:

– Ահաբեկչութեան ու բոլոր տեսակի բռնութեանց դատապարտումը:

– Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան հաստատումը:

– Միջկրօնական երկխօսութեան հոլովոյթի շարունակումը:

Share this Article
CATEGORIES