Ուաշինկթըն Կ՛աջակցի Մոնթենեկրոյի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան

0805Montenegro-NATOԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտընի եւ Մոնթենեկրոյի վարչապետ Միլօ Ճուքանովիչի հանդիպումէն ետք` Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Մոնթենեկրոյի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու ձգտումին, սակայն կը կարծեն, որ ատոր համար երկիրը շարք մը կարեւոր բարեփոխումներ պէտք է կատարէ` դաշինքի անդամակցութեան չափանիշերուն ամբողջովին համապատասխանելու համար:

Պայտըն ողջունած է Մոնթենեկրոյի մտադրութիւնը` համարկուիլ եւրատլանտեան համայնքին` նշելով, որ երկիրը յառաջընթաց արձանագրած է ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան ճամբուն վրայ: Միեւնոյն ժամանակ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշած է պետութեան կառավարութեան կողմէ պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ իրաւունքի ոլորտին մէջ բարեփոխումներու շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի 2014-ին Կալեսի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին նախօրեակին կարենայ ցուցադրել շօշափելի ձեռքբերումներ:

Պայտըն ուշադրութիւն դարձուցած է, մասնաւորաբար, ժողովրդավարական հաստատութեանց, որոնց շարքին` անկախ դատական համակարգի եւ ազատ մամուլի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան:

Share this Article
CATEGORIES