Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի. Իսրայէլ Եւ Թուրքիա Մօտ Օրէն «Մաւի Մարմարա»-Ի Հարցով Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնեն

1205Mavi_Marmara

«Մաւի Մարմարա» նաւը

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա յառաջիկայ օրերուն «Մաւի Մարմարա» նաւուն հարցով համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն տուեալներով` համաձայնագիրի վերջնական կնքման համար անհրաժեշտ է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ճափոնէն վերադառնայ Իսրայէլ:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը նշէ, որ քանի մը օրեր կը մնան, որ «Մաւի Մարմարա» թրքական նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումէն չորս տարի ետք թուրք-իսրայէլեան վատթարացած յարաբերութիւնները կարգաւորուին: Օրաթերթը կը վկայակոչէ նաեւ իսրայէլացի դիւանագէտ մը, որ կը նշէ. «Կը սպասենք, որ վարչապետը վերադառնայ, եւ համաձայնագիրը աւարտին հասցնենք»:

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած էին 31 մայիս 2010-ին դէպի Կազա ուղղուող միջազգային մարդասիրական նաւատորմիղին մաս կազմող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ իսրայէլացի զինուորներ եւ թուրք գործիչներու միջեւ բախումին իբրեւ հետեւանք 9 թուրք քաղաքացիներու մահուան պատճառով:

Share this Article
CATEGORIES