Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին ինք երբեք չէ մտածած, որ անիկա կրնայ նախագահական աթոռի թափուր մնալու հանգրուանի կառավարութիւն մը ըլլալ:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ի յետմիջօրէին, վարչապետարանին մէջ, առանց վարչական նշանակումներու օրակարգի:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ֆատի Սուան ՏԱՀԵՇ-ի մաս կազմող ձերբակալուած լիբանանցիներ Քաուսի Մուսայի եւ Հիւսէյն Պըրրիի դէմ մահապատիժի վճիռ առաջարկեց:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հերքեց Սէուտական Արաբիոյ հետ նամակակցելու մասին լուրերը` շեշտելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կտրականապէս մերժելի է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը անկարելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ Հըզպալլա կտրականապէս կը մերժէ այդ կարելիութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հակառակորդ կողմերը կը խոչընդոտեն նախագահական ընտրութեան նիստերը, որովհետեւ կառչած կը մնան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերն ու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:

ՊԱԱՊՏԱՅԻ աղբիւրներ հաստատած են, որ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երբեք չի մտածեր իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի նշեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կը զօրակցի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, անճիշդ են:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի ընդգծեց, որ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի փափաքիր, որ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի: Ան նշեց, որ 25 մայիսէն առաջ կարելի պիտի չըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նշեց, որ խորհրդարանին կողմէ լիբանանցիներուն մատուցուելիք լաւագոյն ծառայութիւնը հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի համար կարեւորը Պաապտա հասնիլն է:

ՄԱԿ հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը լիբանանեան տեղական իրադարձութիւն կը նկատուի եւ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու այդ գործողութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար ընդգծեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն նախագահական աթոռի թափուր մնալը եւ պարտադիր կը նկատեն, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարուի սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին ընթացքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հոգեւոր հեղինակութենէ մը, կը գրէ, թէ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն մասին հնչող զգուշացումները պէտք չէ պատճառ դառնան սահմանադրութեան բարեփոխումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յոյս յայտնեց, որ մինչեւ 25 մայիս կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան զինեալ բախումները միշտ ալ առկայ պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ զինեալներուն վրայ ոչ ոք իր հակակշիռը կրնայ պարտադրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կտրականապէս մերժելի է եւ երկրին սահմանադրութեան դէմ հարուած մը կը նկատուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն բնական թեկնածուն զօր. Միշել Աունն է եւ ան պէտք է առաջադրէ իր թեկնածութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը դէմ է ամէն տեսակի պաշտօնավարութիւն երկարաձգելու սկզբունքին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթին համաձայն, որեւէ հարցի պարագային Լիբանան վերջնական որոշում չի կրնար տալ` առանց Իրանի օժանդակութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան համախոհական թեկնածուն պէտք է մտերիմ ըլլայ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հաւանականութիւնը երբեք չէ արծարծուած երեսփոխանական պլոքներուն կողմէ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ականաւոր դէմք մը «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենք պիտի չընդունին նախկին նախարար Ժան Օպէյտի անունը լսել` իբրեւ նախագահական թեկնածու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի միջեւ Փարիզի հանդիպումը նախագահական ընտրութեան թղթածրարը դէպի այլ հանգրուան փոխադրելու նպատակով կատարուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի բարձրաստիճան պատասխանատուներ յայտնեցին, որ իրենք պատրաստ են զօր. Միշել Աունի ի նպաստ քուէարկելու, եթէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը զօրակցի անոր թեկնածութեան:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի անձին շուրջ կրնայ մետասաներորդ պահուն համախոհութիւն գոյանալ` իբրեւ հանրապետութեան նոր նախագահ:

Share this Article
CATEGORIES