Զօր. Սերրա Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութեան Մասին Հետաքննութիւն Բացաւ
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նկատի ունենալով Ռաս Նաքուրա-Լապպունէ շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը որոշած է այդ դէպքին մասին հետաքննութիւն բանալ:
Զօր. Սերրա յայտնեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ կը տիրէ խաղաղ մթնոլորտ, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց սովորական աշխատանքները կը կատարեն լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար:
Զօր. Սերրա երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

