Լա Հէյի Մէջ Ընթացող Դատավարութեան Զուգահեռ Խօսքի Ազատութեան Զօրակցող Երկրորդ Հաւաք` Մամլոյ Սենտիքային Մէջ

Քարմա Խայեաթ

Քարմա Խայեաթ

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը երէկ Լա Հէյի մէջ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի փոխնախագահ Քարմա Խայեաթը հարցաքննեց, մինչ «Ախպար» օրաթերթի խմբագրապետ Իպրահիմ Ամին մերժեց ներկայանալ դատավարութեան:

Դատավարութեան ընթացքին Քարմա Խայեաթ ցաւ յայտնեց, որ զինք հարցաքննողները լիբանանեան դատական իշխանութիւնները չեն` նշելով, որ լիբանանեան պետութիւնը վարժ է հոգատարութեան եւ այս հանգրուանին ան Սուրիոյ հոգատարութիւնը փոխարինած է ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածով:

Խայեաթ շեշտեց, որ ինք յանցանք մը չէ գործած եւ ներկայացած է Միջազգային դատական ատեան դէմ դնելու համար ամբաստանութեան մը, որ իր սկզբունքներուն կը սպառնայ: «Տեղեկութիւններ որոնելու եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու հետաքննութիւն կատարելու իրաւունքը լրագրողին կը շնորհուի օրէնքով, եւ այդ պատճառով ալ ես ներկայացած եմ դատարան, որպէսզի լրագրողի իրաւունքս գողցած չըլլամ: Լա Հէյ եկած եմ իմ իրաւունքներս դատարանին օրէնքներուն հիման վրայ պաշտպանելու», ըսաւ ան:

Խայեաթ շեշտեց, որ իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնը հաւանաբար այն է, որ ինք լուսարձակի տակ առած է Միջազգային դատական ատեանին սխալ ընթացքը, որուն մասին լիբանանցիները պէտք է իմանան:

1305syndicateՄիւս կողմէ, Լիբանանի մէջ խօսքի ազատութեան սկզբունքին զօրակցելու նպատակով երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ, իրաւաբաններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք սենտիքային մէջ զետեղուած պաստառի մը ընդմէջէն հետեւեցան ուղղակի սփռուող դատավարութեան:

Ներկաները ընդգծեցին խօսքի ազատութեան եւ տեղեկատուութեան մարզի ազատ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը:

Մամլոյ սենտիքա ներկայացաւ նաեւ «Ախպար» օրաթերթի խմբագրապետ Իպրահիմ Ամին, որ շեշտեց, թէ ինք Միջազգային դատական ատեան պիտի չներկայանայ, եթէ իր պահանջած պայմանները չերաշխաւորուին: Ան հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ իրեն տրուած պայմանաժամը շատ կարճ է` պաշտպան փաստաբաններ ունենալու առումով:

Իպրահիմ Ամին

Իպրահիմ Ամին

Ամին ընդգծեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ արդէն իսկ տարակարծութիւն կայ, որովհետեւ անոր կազմութիւնը հակասահմանադրական է:

Իսկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ իր դատավարութեան նպատակով ճշդուած նոր թուականին` 29 մայիսի նիստին ներկայ գտնուելու մասին Ամինի պատասխանը եղաւ. «29 մայիսի նիստին դարձեալ ներկայ պիտի չըլլամ»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը քաղաքականացած է` աւելցնելով, որ անիկա ցարդ ոչինչ կրցած է իրականացնել:

«Սաֆիր» օրաթերթի խմբագրապետ Թալալ Սալման շեշտեց, որ ինք սենտիքա եկած է պաշտպանելու համար Լիբանանի ժողովրդավարութեան վերջին ամրոցը` տեղեկատուութեան մարզը:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի գործադիր տնօրէն Իպրահիմ Հալապի  յայտնեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն, թէ այս հարցը «Ժատիտ»-ի հարցն է, կը սխալին, որովհետեւ հարցը Լիբանանի մէջ խօսքի ազատութիւնը թիրախ դարձնելուն մէջ կը կայանայ:

Նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ոտնձգութիւն կը գործէ լրագրողին նուազագոյն իրաւունքներուն` տեղեկութիւններու սփռումին վրայ:

Նշենք, որ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ներկայ չգտնուեցաւ Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցած զօրակցական հաւաքին:

 

Share this Article
CATEGORIES