Հոլլանտ Անգամ Մը Եւս Շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութիւնը

6396_bԵրէկ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի միացեալ մամլոյ ասուլիսը: Հոլլանտ, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, յայտարարեց, որ կայ մէկ լուծում` Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը: Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ չի՞ կարծեր, որ եթէ Թուրքիա իսկապէս կը ցանկայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, պէտք է պարզապէս քաղաքական կամք դրսեւորէ եւ վաւերացնէ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները, Հոլլանտ նախ անդրադարձաւ Էրտողանի 24 ապրիլի յայտարարութեան, որուն մասին նշած էր լրագրողը, եւ ընդգծեց, որ սովորաբար միշտ կը փորձէ դրական տարրեր գտնել այսպիսի յայտարարութիւններու մէջ: «Բայց, անշուշտ, ես կեդրոնական հարց կը նկատէի այն, որ ջարդերը որակուին իբրեւ ցեղասպանութիւն: Կայ մէկ լուծում եւ ատիկա ցեղասպանութեան ճանաչումն է», յայտնեց Ֆրանսայի նախագահը:

Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ: Ան նախ յայտարարեց, որ ինք ըսած է եւ կ՛ըսէ, որ կարելի չէ բոլոր տագնապները դիտարկել մէկ հարթութեան մէջ, ուստի տագնապներու լուծման մօտեցումները նաեւ տարբեր են: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց նաեւ, որ Ուորլիք հիմնականին մէջ որեւէ նոր բան չէ ըսած, այլ ըսած է այն, ինչ որ իր նախագահը ըսած է տարբեր առիթներով: Ըստ Սերժ Սարգսեանի, նոյն մօտեցումը կայ նաեւ զինադադարի 20-ամեակին առիթով կատարուած` համանախագահներու յայտարարութեան մէջ: Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ որքան ալ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը փորձէ այդ մօտեցումներուն իր սեփական մեկնաբանութիւնը տալ, միեւնոյնն է` ոչ մէկ արդիւնք պիտի արձանագրուի: Ան նաեւ ընդգծեց, որ չի կիսեր այն մօտեցումը, թէ տարբեր երկիրներ երկակի չափանիշներ կը ցուցաբերեն: Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, այդ մօտեցումները կը բխին տագնապներու պատմութենէն, ծագումնաբանութենէն: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ ինք որեւէ փոփոխութիւն չի տեսներ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները մասնակցեցան ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման մարտիկ հերոս Միսաք Մանուշեանի անուան Երեւանի մէջ վերանուանուած Մաշտոցի պուրակի բացման արարողութեան: Երկու երկիրներու նախագահները շնորհակալութիւն յայտնեցին ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ երեւանցիներուն արարողութեան մասնակցելու եւ Միսաք Մանուշեանի յիշատակը յարգելու համար: «Մանուշեան ցեղասպանութեան վերապրողներէն է: Ֆրանսա գալով` ան փախած է սարսափելի ջարդերէն եւ ապրելով մեր երկրին մէջ, ան քանի մը տարի ետք զէնք վերցուց, պաշտպանեց մեր երկրին անկախութիւնը` առանց մոռնալու իր հայրենիքը», իր ելոյթին մէջ նշեց Ֆրանսայի նախագահը: «Մենք երբեք չենք մոռնար, որ ֆրանսահայերը ի՛նչ ըրին Ֆրանսայի վերակառուցման եւ մշակոյթի զարգացման համար, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ժողովուրդները նոյն արժէքները ունին: Ես շատ ուրախ եմ, որ կը մասնակցիմ  պուրակը Մանուշեանի անունով անուանակոչելու արարողութեան», ըսաւ ան:

Յայտնենք, որ Մաշտոցի պուրակի անուանափոխութեան իբրեւ բողոք` քաղաքացիական գործիչներ արարողութեան վայրը կատարեցին նստացոյց մը, որ աւարտեցաւ ոստիկաններու հետ բախումով եւ 7 գործիչներու ձերբակալումով:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագիրով` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պարգեւատրուեցաւ Փառքի շքանշանով:

Ըստ հրամանագիրին, որուն բնագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ, ֆրանսական պետութեան ղեկավարը Հայաստանի բարձր պարգեւին արժանացած է «հայ-ֆրանսական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման գործին մէջ ներդրած անձնական մեծ աւանդին համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES