Թուրքիոյ Ապագան Պիտի Որոշեն Էրտողանը, Արընչը Եւ Քուրթուլուշը

Առընչ եւ Էրտողան

Առընչ եւ Էրտողան

Թուրքիոյ մէջ ներկայիս ամէնէն քննարկուող նիւթը այն է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յառաջիկայ օգոստոսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան ընթացքին որո՞ւ թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» կայքը, կը հաղորդէ, որ Աֆիոն քաղաքի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գաղտնի խորհրդակցութիւններէն արտահոսած լուրերու համաձայն, նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրուի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար եւ գործող վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Ըստ տարածուած լուրերուն, վարչապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ ներկայ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նոր ղեկավար պիտի ընտրուի Նուման Քուրթուլուշ, որ Էրտողանի հին ընկերն ու գաղափարակիցն է:

Share this Article
CATEGORIES