Պասքեթպոլ. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ֆետերասիոնին Համագումարը
Կիրակի, 18 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պիտի գումարէ իր համագումարը` «Փրոմենատ» պանդոկին մէջ (Ժալ էլ Տիպ):
Այս համագումարին ներկայ պիտի գտնուին Արեւմտեան Ասիոյ եօթը ֆետերասիոններուն` Լիբանանի, Սուրիոյ, Եմէնի, Յորդանանի, Իրանի, Պաղեստինի եւ Իրաքի ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ Լիբանանէն Ժան Թապեթ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարն է:
CATEGORIES Մարզական

