Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ամշիթը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, երբ Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամշիթը:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սաժեսի յաղթանակով, 106-83 արդիւնքով (24-16, 47-27, 76-58 եւ 106-83):
Սաժեսէն 31 կէտ նշանակեց Տէուարիք Սփենսըր, մինչ Ամշիթէն նոյնքան կէտ նշանակեց Ֆատի Խաթիպ:
Խաթիպի խմբակից Ալի Թրաորէ նշանակեց 28 կէտ, իսկ Սփենսըրի խմբակից Ժիւլիեն Քազուհ` 23 կէտ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, Ամշիթի դաշտին վրայ:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք Պիպլոս – Ռիատի երկրորդ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երկուշաբթի, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, այժմ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` նկատի ունենալով, որ մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:

