«Միացեալ Նահանգներն Ու Այլ Երկիրներ Թիֆլիսի Հետ Անվտանգութեան Հարցերով Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարեն» Կ՛ըսէ Նորլընտ

Ռիչըրտ Նորլընտ

Ռիչըրտ Նորլընտ

«Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Նորլընտ «Մայեսթրօ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին` մեկնաբանելով Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի երկրի տարածքին հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայելու վերաբերեալ նախաձեռնութիւնը, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու այլ գործընկերներ Վրաստանի հետ աշխուժ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն` Ռուսիոյ գործողութիւններու լոյսին տակ իրադարձութիւններու զարգացման որեւէ դիպաշարի պատրաստ ըլլալու համար:

«Ինչ կը վերաբերի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման հարցին, ապա ատիկա եւ որեւէ այլ որոշում պէտք է ընդունին ՕԹԱՆ-ի 28 անդամ երկիրները: Ատիկա կը նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Վրաստանի միւս գործընկերները կը կատարեն Թիֆլիսի հետ աշխուժ խորհրդակցութիւններ: Ի հարկէ, դաշնակիցները ուշադիր կը հետեւին տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը այդ մասին ըսած է: Դաշինքի արտաքին գործոց նախարարները յունիսին հանդիպում պիտի ունենան: Ինչպէս յայտնի է, դաշինքը կը պատրաստուի Կալէսի մէջ նախատեսուած վեհաժողովին», ըսած է դեսպանը:

Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ ամբողջ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը իրավիճակի լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղուած է, եւ ոչ թէ սրելուն:

 

Share this Article
CATEGORIES