ՊԵԼՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻՆ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարի գրասենեակը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` պատասխանելու համար Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ հետաքննութիւնը կը կատարուի միջազգային չափանիշներուն համաձայն` աւելցնելով, որ այդ ատեանին անդամ դատաւորները պարկեշտ եւ ատակ անձնաւորութիւններ են, որոնք կը գործեն անկախութեամբ եւ բարի նպատակներով:
Պելմարի գրասենեակին յղած պատասխանին մէջ դիտել տրուեցաւ նաեւ, որ հետաքննութեան արդիւնքները փաստացի են` աւելցնելով, որ ատեանը իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ` մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտումը:
Նոյն հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ եթէ դատախազ Տանիէլ Ֆրանսին վաւերացուցած է ատեանին յղած նախնական ամբաստանութիւնը, ապա ան համոզուած է, թէ այդ ամբաստանութիւնը հիմնուած է զօրաւոր փաստերու ենթահողի մը վրայ:
Պելմար իր պատասխանով պահանջեց անհրաժեշտ եւ գործնական բոլոր քայլերուն դիմել` ամբաստանեալները արդարութեան ներկայացնելու համար: