ՊԸՐՐԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստին, որ պիտի տեւէ մինչեւ հինգշաբթի:
Խորհրդարանին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պիտի ներկայացնէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը (Տես էջ 4-5), ապա քննարկում պիտի կատարուի խորհրդարանին կողմէ:
Առ այդ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին` ներկայութեամբ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Ատնան Մանսուրի:
Նիստէն ետք պլոքի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Անուար Խալիլ կարդաց ժողովին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ նիստին ընթացքին քննարկուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, եւ այդ քննարկումին լոյսին տակ որոշուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհել, մերժել սպառնական ոճը եւ ազգային հարցերու վերաբերող մանրամասնութիւններուն պարագային արտաքին ուժերուն վստահելու մօտեցումը: Պլոքը նաեւ կոչ ուղղեց գիտակցօրէն վարուելու, վերադառնալու ժողովրդավարական խաղին եւ յանձնառու մնալու երկխօսութեան, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը նոյն լաստին մէջ կը գտնուին:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Զուիցերիոյ նախագահական պատուիրակ Ժան Տանիել Ռուխը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռուս Ֆլինթի եւ ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի ու տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց ներկայիս տիրող իրավիճակը:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Ռահմէ Զուապի, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նշենք, որ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը միտի Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւիրել լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը` ապահովութեամբ եւ հանդարտօրէն շրջանցելու համար յառաջիկայ հանգրուանը:
Այս ծիրին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ երկխօսութեան այլընտրանքը տագնապն է եւ ազգային յաւելեալ երկփեղկումը:
Ան հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ հրապարակուած բերման գիրերը ուղղուած են այն անձերուն, որոնք արդէն իսկ իսրայէլացիներուն կողմէ պահանջուած են երկար ատենէ ի վեր: Ան շեշտեց, որ անոնք արդէն իսկ անյայտ կորսուած են, եւ եթէ նոյնիսկ երթանք անոնց գիւղերը եւ հարցնենք իրենց մասին, ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգինք, որովետեւ անոնք տարիներ առաջ անհետացած են` փախուստ տալու համար Իսրայէլէն:
«ԱԽՊԱՐ ԵԱՈՒՄ» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի աղբիւրներէն, կը հաղորդէ, որ ըստ այդ պլոքին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն որդեգրած կեցուածքները անձնասպանական բնոյթ ունին եւ անոնք երկրին կացութիւնը կը վատթարացնեն` զայն ուղղելով քանդումի եւ յաւելեալ լարուածութեան:
Նոյն լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներէն, նշեց, որ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի կողմէ Հըզպալլայի նախարարներուն ուղղուած հրաժարելու կոչը վտանգաւոր է` շեշտելով, որ մագլցողական այս յայտարարութիւններուն կարիքը չկայ, որովհետեւ ո՛չ կարելի պիտի ըլլայ նախնական ամբաստանութեան բովանդակութիւնը փոխել եւ ո՛չ ալ ամբաստանեալները ձերբակալել: