ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական Գ. Զարգացման Մրցումը

0305HGHM-(1)Շաբաթ, 3 մայիս 2014-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ) դաստիարակչական-մշակութային յանձնախումբին կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Հայ Կաթ. Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթ. Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճի, Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 4 հոգինոց խմբակներ պայքարեցան իրարու դէմ` նախապէս սերտած ըլլալով յանձնախումբին պատրաստած «Հայաստան… Երկիր դրախտավայր» խորագրեալ գրքոյկը, որ կ՛ընդգրկէ Հայաստանի աշխարհագրական եւ պատմական ամփոփ տեղեկութիւններ:

Մրցումին ներկայ էին միութեան հոգեւոր վարիչ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը, մասնակից վարժարաններու հայոց լեզուի ուսուցիչները եւ մրցող աշակերտները քաջալերող դասընկերներ:

Հայոց լեզուի ուսուցիչներէ կազմուած դատական եռանդամ կազմը իր որոշումը կայացնելէ ետք, մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը (95.5/100), երկրորդ դիրք` Հայ աւետարանական քոլեճը (92.25), իսկ երրորդ դիրքը` Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը (92):

Մասնակից բոլոր խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ, իսկ շահող խմբակը ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը: Շահող  վարժարանին աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 ամ. տոլարի գումար մը:

Շնորհաւորելի են բոլոր մասնակից աշակերտները: Կը գնահատենք հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեծապէս կը շնորհաւորենք յաղթական վարժարանին աշակերտները:

ՀԿՀՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES