Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Արեւմտահայաստանի Ազատագրութիւնը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Այս «ԱՊՐԻԼ 24»-ն ալ անցաւ: Խանդավառող եւ յուզող ճառեր` բարեկամ օտարներէ լսուած, ինչպէս որ սովորութիւն է: «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու-ճանչցնել»-ու զարդարանքը նոյնն էր, ինչպէս` անցեալ տարի: Այսինքն «զիս սպասէ ես կու գամ»-ի եղանակը` զանազան ձեւերով կրկնուած: Երաժշտութեան մէջ ծանօթ «Լ’Արլէզեէն»-ին պէս:
Ինչո՞ւ մենք չենք ըսեր, նախ մենք, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար: Ինչո՞ւ մեզ սիրող, մեզի համար սիրելի մեր բարեկամները, ցեղասպանութեան, արեան, տառապանքի, ջարդի, անմարդկային արարքներու յիշեցման կողքին, չեն խօսիր հողի տիրացման համար գործուած ցեղասպանութեան մասին, քանի որ ան է բացատրութիւնը, եւ եթէ լուծում կարելի պիտի ըլլայ օր մը, այդ հանգոյցը պէտք է քակել: Պատահածը ո՛չ քրիստոնէական, ո՛չ իսլամական հաւատքի խնդիր էր:
Տասնամեակներէ ի վեր հայ հանրային կարծիքը զբաղեցնող եւ ենթադրաբար միջազգային շրջանակները լուսաբանելու կոչուած Ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին փաստելու իմաստուն-գիտական ճիգերը եւ սպառումը թմրեցուցին հայ ազգային քաղաքական միտքը` ուշադրութեան կեդրոնը տեղափոխելով կեանքէն խօսքի մակարդակ: Մեր «բարեկամներ»-ը մենք վարժեցուցինք այդ ընելու:
Մինչեւ Լոս Անճելըս պիտի գայի լսելու համար Մարի-Ռոզ Ապուսեֆեանի անշպար խօսքը, որ գրուած-ըսուած է այլ եղանակներով եւ այլ երկինքներու տակ, առանց լսող գտնելու, որ այս պարագային ծափահարուեցաւ, այդքա՛ն, արեւու մայրամուտին հետ մռռցուելու համար, Մոնթեպելլոյի յուշարձան-կոթողին շուրջ գտնուող ինքնաշարժները երբ հեռացած ըլլան Քալիֆորնիոյ գրեթէ անսահմանութեան մէջ:
Փաստի, պատմագիտական եւ փաստագրական աղմկարարութիւնը «Հայկական հարց»-ը նստեցուցած է սպասման սենեակներու մէջ եւ վնասազերծած է այն, ինչ որ սովորութիւն դարձած է «Հայ դատ» կոչել: Անհանգստացող չկայ: «Հայ դատ», որ շարունակութիւնն է միջազգային քաղաքական շրջանակներու երկու հարիւր տարիէ ի վեր ծանօթ «Հայկական հարց»-ին:
Բարոյական պարգեւի եւ մխիթարութեան ակնկալութենէ եւ շնորհէ անդին չանցանք, ազգովին, եւ գինովցանք շռայլուած աղուոր խօսքերով, որոնք իրաւունքի վերահաստատման յանձնառութիւն չէին:
Անշրջանցելի իրատեսութիւն է, որ իսկական քաղաքական ներկայացուցչութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը` վերանկախացումէն ի վեր: Բայց ան, քայլ պահելով դասական դարձած կեցուածքի հետ, Ցեղասպանութեան հարցին տրուող պատմագիտական եւ բարոյական արժեւորումով կը գոհանայ եւ «Հայկական հարց»-ը որպէս ազգային-քաղաքական խնդիր իր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ, չ’արձանագրեր որպէս առաջնահերթութիւն: Կրնայ առարկուիլ, որ դիւանագիտական ըմբռնումներու հակառակ է այդ եւ կը խանգարէ դրացիական յարաբերութիւնները (որոնք չկան): Ինչո՞ւ չխորհիլ, որ ճիշդ, մտածուած եւ հետեւողական դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճամբով կարելի է երկխօսութիւն հաստատել, հարցերու աստիճանական լուծման ճամբայ հարթել:
Եթէ պետութիւնը չյաջողի, չուզէ կամ անկարող ըլլայ դիւանագիտութեան օրակարգ դարձնել «Հայկական հարց»-ը, անհատներ կամ սփիւռքի կազմակերպութիւններ ինչպէ՞ս պիտի կարենան այդ ընել: Օտարներու զօրակցութիւնը ապահովել` բարոյականէ անդին չ’անցնիր, բացի այն պարագայէն, երբ պետութիւն մը ուզէ իր խնդիրներու կարգադրութեան համար օգտագործել «Հայկական հարց»-ը եւ մեր միամտութիւնը: «Հայկական հարց»-ը քաղաքական օրակարգ դարձնելու համար ներկայ պէտք է ըլլալ եւ «ուժ» ունենալ: Խօսքի պղպջակները ուժը չեն փոխարիներ:
100-ամեակի մարմիններ ստեղծուած են: Գիրքեր պիտի հրատարակուին: Կրկին: Ցոյցեր պիտի ըլլան: Կրկին: Ոչ իսկ ցոյց, այլ` տողանցքներ: Ցուցադրական` ցուցականէ աւելի: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Հայկական հարց»-ը չուզէ միջազգայնացնել` ներկայանալով որպէս պահանջատէր, այս կամ այն համայնքի յանձնախումբերը ո՞ր դռնէն պիտի մտնեն իսկական քաղաքական առաջադրանք հետապնդելու համար, ո՞վ, որո՞նք եւ ո՞ւր պիտի լսեն հայկական պահանջները: Ինչպէ՞ս լսելի պիտի դարձնենք զանոնք:
Ինչ կը վերաբերի այդ պահանջներուն, այժմէականացուած եւ համազգային համախոհութեամբ բանաձեւուա՞ծ են անոնք: Միակ բանաձեւումը, որ կայ, Սեւրի դաշնագիրն է եւ անոր որպէս գործադրութիւն` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի գծած սահմանները, որ նոր համաձայնութեան չէր կարօտեր, քանի որ որոշման մը գործադրութիւնն էր: Միացեալ Նահանգներու խուսափումը դրժումն էր յանձնառութիւններու` վասն ռէալ փոլիթիքի:
Գաղափարական եւ քաղաքական աշխատանքի ուղեգիծ ունի՞նք` որպէս հայ ժողովուրդի մնացորդաց մէկ միլիոնէ աւելի Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութեան անունով պահանջատիրական արշաւ կազմակերպելու, պայմանաւ որ այդ հայերը ընդունին, որ իրենց անունով «Հայկական հարց» հետապնդուի: Անոնք այսօր կրնան հանդիսանալ միջազգայնօրէն ընդունելի քաղաքական ազդակ: Ցարդ անոնք չեն ներառուած քաղաքական կեանքին մէջ: Հոս եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս իրաւասու անդամ միջազգային կազմակերպութիւններու, կրնայ դիմել նախաձեռնութիւններու: Սփիւռքը կրնայ զանազան բնոյթի օժանդակութիւններ բերել եւ ծառայութիւններ մատուցել: Հաւանօրէն յաճախ պէտք է կրկնել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչուած է բանալի դերի, եթէ ի հարկէ ուզէ:
Ոգեկոչումները աւարտեցան: 365 օր մնացած է սպասուող «ֆեթիշ» թուականին: Եթէ «Հայկական հարց»-ը մինչ այդ չքաղաքականացուի, ի՞նչ պիտի ըսուի մեր ժողովուրդին եւ միջազգային համայնքին: Առանց այդ քաղաքականացման, մենք մեզ, եւ` օտարները մեզ, լուրջ պիտի համարե՞նք, պիտի համարե՞ն: Հարցումը պէտք է ուղղել առանց ճապկումներու եւ պատասխանել նոյնպէս առանց ճապկումներու:
Տիգրանակերտի վերկառուցուած եկեղեցիին մէջ մատուցուած պատարագը, սրտցաւ թուրք մտաւորականներու զօրակցութիւնը եւ բացայայտումները ենթահող են քաղաքական աշխատանքի, կը նպաստեն Ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին ճանաչման, բայց «Հայկական հարց»-ի միջազգայնացում չեն:
Առանց զգացականութեան, մեր հայեացքը այս կամ այն պետութեան կամ միջազգային մարմիններու ուղղութեամբ սեւեռելու, նախ սեւեռենք դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւնը` առանց գոհանալու երեւելիական խաբուսիկ բաւարարութիւններով: Ի՞նչ պիտի ընէ ան, եւ չ’ըներ «Հայկական հարց»-ը քաղաքականացնելու համար:
Եթէ խորհրդային օրերուն ըսող եղաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամենայն հայոց կառավարութիւն չէ, ներկայ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտք պէտք է համարէ, առանց խուսանաւելու, յստակութեամբ արտայայտուիլ, որպէսզի հայրենահանման հետեւանք սփիւռքը թերեւս կարենայ, ցուցականէ եւ ցուցադրականէ անդին, իրաւ ուղի որոնել (եւ գտնել), հանդէս գալ որպէս իրաւատէր եւ պահանջատէր:
Բացի պատկեր ըլլալու քաղքենիական բաւարարութենէ` խորհրդաժողովները ոչինչ ըսին այս մասին: Ներկայիս բազմիցս կեդրոնական անուններով երթեւեկը եւ լուսանկարներով ուշագրաւ ժողովները պիտի յանգի՞ն քարոզչական-լուսաբանական թափահարումներէ տարբեր քաղաքական նախաձեռնութիւններու: Այս կամ այն առիթով զանգուածները պիտի ըլլան սոսկ հանդիսատե՞ս, թէ՞…
Աւանդական դարձած տեղքայլը դեռ որքա՞ն կրնայ տեւել, երբ գիտենք, որ հայկական համայնքները տեւաբար կ’ապամշակութանան, ինքնութիւն կը կորսնցնեն, կը կծկուին: Այսինքն ուժի եւ յանձնառութեան ենթահողը կը փոքրանայ: Լաւ է զբաղիլ բաժակի լեցուն մասով` առանց աչքաթող ընելու դատարկ մասը, ինչ որ պէտք է կոչել իրապաշտութիւն:
Տպաւորող հասարակ տեղիք է ըսել, որ ժամանակը ի նպաստ մեզի չ’աշխատիր: Ինչպէ՞ս այդ ժամանակը մեզի ի նպաստ պիտի աշխատի եւ ո՞ր ազգային հարազատութեան-ինքնութեան որակով պիտի լեցնենք այդ թռչող ժամանակը: Մէկ օրուան հրավառութիւններէն ետք պիտի ուզե՞նք եւ պիտի կարենա՞նք պատասխան ճարել հարցումներուն:
Առանց գոհանալու եղածով` լուռ-լռած մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի բերենք, որպէսզի ան մասնակից ըլլայ պատասխաններու եւ ճարերու որոնման: Այս արդէն ուժի կերտման հեռանկարային օղակ է:

