Անդրանիկ Թէյմուրեան Մասնակցեցաւ Իրան – Պիելոռուսիա Ֆութպոլի Մրցումին
Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին պատրաստուելու համար, Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբը Աւստրիոյ մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը կատարեց Պիելոռուսիոյ դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Այս գծով ArmSport.am յայտնեց, որ այս մրցումին Իրանի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Անդրանիկ Թէյմուրեան: Ան փոխարինուեցաւ 75-րդ վայրկեանին:
Զ. խմբակին մաս կազմող Իրան Պրազիլի մէջ Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Արժանթինը, Պոսնիան եւ Նիկերիան:
CATEGORIES Մարզական

