Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Ակումբներու Թաու-Լուի Ախոյեանութիւն. Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւնը Հանդիսացաւ Առաջին

2005abba-ainjarԼիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տարիներէ ի վեր աւանդութեան վերածուած Լիբանանի թաու լուի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 մայիսին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ Լիբանանի ակումբներու մարզիկներուն:

Այս մրցաշարքին ներկայ էին Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյր եւ փոխնախագահ Ժաք Տաղլեան:

Անոր ներկայ էին նաեւ միութեան ներկայացուցիչները եւ մասնակցողներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:

Լիբանանի քայլերգով մրցաշարքին բացումէն ետք, իրաւարարներուն հսկողութեամբ մարզիկները հերթաբար կատարեցին իրենց վստահուած մարզաձեւերը:

Մրցաշարքը անցաւ շատ ջերմ եւ մարզական բարձր ոգիի մթնոլորտի մէջ:

Աւարտին դասաւորումը պարզեց հետեւեալ պատկերը.

  ԿԷՏ
1.- Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւն 108
2.- Անթունիէ Պաապտա 104
3.- Հայ սեւ գօտիներու միութիւն 38

 

Share this Article
CATEGORIES