Սահակ Մուրատեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

2405Sahag-MouradianԴաշնակցական հին ընկերներու փաղանգէն հին ընկեր մը եւս կորսնցուցինք:

Հազիւ ճամբորդութենէն վերադարձած, լսեցի, որ առողջական հարցեր կը դիմագրաւէ եւ զինք փոխադրած էին հիւանդանոց, ապա բժիշկներու թելադրանքով վերադարձած էր տուն 15 օր հիւանդանոցը մնալէ ետք` անյոյս պարագայ դառնալով:

Հակառակ իր ֆիզիքական մաշումին, երբ այցելեցի իրեն իմ դիմաց տեսայ ճիշդ իմ ճանչցած ընկեր Սահակը` դաշնակցական մարդու տիպար, լուռ եւ գիտակից:

Սահակ Մուրատեան ծնած էր 1934-ին եւ ամէն հայու ճակատագիրին նման, Քեսապէն ծնողքին հետ հասած էր Լիբանան եւ հաստատուած Պուրճ Համուտի Սիս թաղամասը:

Դժուարին մանկութիւն մը ունեցած է, սակայն զոհաբերութիւններով յաճախած էր շրջանի վարժարանը, որմէ ետք նետուած էր կեանքի ասպարէզ:

Ուսումը շարունակել չկարողացած ըլլալու հոգեվիճակը, իր սերնդակիցներուն նման, ոչ մէկ ձեւով զինք տկարացուցած էր, այլ որպէս ազգային մարդ իր ամուսնութենէն ետք իր զաւակներուն ընդմէջէն կարծէք իր վրէժը լուծած էր ուսումէն եւ պայքարած էր կեանքի իրականութեան դէմ` անոնց տալով ազգային ու բարձրագոյն ուսում:

Իր օրերուն Սիս թաղամասին մէջ սկսած էին խմորուիլ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կորիզի աշխատանքները, բայց ինք տարիներ շարունակ կորիզի մէջ մնալէն ետք, կը նախընտրէ աշխատիլ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, որոնց կ՛անդամակցի 50-ական թուականներու սկիզբը: Կը կատարէ իր պաշտած կուսակցութեան երդումը, անկէ քիչ ետք կը փոխանցուի Նոր Մարաշի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան շրջան եւ կը սկսի հաւատաւոր դաշնակցականի իր գործունէութիւնը, զայն փոխանցելով նաեւ իր կնոջ` ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի ճամբով, իսկ երկու դուստրերուն` զանոնք դարձնելով անդամ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, ապա ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի ընկերական շարքերուն մէջ` միշտ ալ անոնց հետ ըլլալով խստապահանջ, դաշնակցական գործին հետ կապուած հարցերուն:

Լիբանանի քաղաքացիական դէպքերու սկիզբէն գործակցեցաւ օրուան կոմիտէներուն հետ եւ կատարեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:

Բնաւ պաշտօններ փնտռող ընկեր չէր, կը նախընտրէր որպէս պարզ ընկեր իր ներդրումը բերել Դաշնակցութեան կեանքին մէջ:

Անոր համար ալ մնաց միշտ տագնապող, բայց միշտ հաւատացող,  յատկապէս, երիտասարդութեան եւ մեզ քաջալերող ու չմերժող ընկերը` բոլոր հարցերուն նկատմամբ:

Վերջին տարիներուն խանդավառուած էր Հայաստանի վերանկախացումով: Իր խոր փափաքն էր, որ իր պաշտած կուսակցութեան եւ անոր գաղափարները մեր ալ անսակարկ նուիրումով իրականանան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Առանց մոռնալու սփիւռքի մեր բոլոր կառոյցներն ալ զօրաւոր պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Սփիւռքի մէջ Միջին Արեւելքի դերակատարութեան, նամանաւանդ Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագային, կը դիտէր մեծ ակնածանքով եւ կը հպարտանար Լիբանանի ընկեր ըլլալուն համար եւ միշտ կը կրկնէր. «Գացի տեսայ միւս բոլոր գաղութներն ալ, բայց Լիբանանը ուրի՜շ է»: Հակառակ անոր որ հոն կ՛ապրէին իր պարագաներն ու թոռները, Սահակ Մուրատեան մնաց այդպէս հաւատարիմ Լիբանանին, Պուրճ Համուտին մինչեւ իր մահուան վերջին վայրկեանները:

Սահակ Մուրատեանի մահով «Սարդարապատ» կոմիտէն կը կորսնցնէ իր հաւատաւոր ընկերներէն մէկը: Այս տողերը թող ըլլան խունկ եւ մոմ իր յոգնած մարմնին: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները իր այրիին, զաւակներուն եւ թոռներուն:

Թող հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկ. Սահակ:

Գ. Մ.

Share this Article
CATEGORIES