«Ճի. Թի.»-ի Աշխարհի Ախոյեանութեան Մրցումներ. Սարգիսեան Եւ Տեմիրճեան Տպաւորիչ Ներկայացումներով Սկսան Իրենց Ելոյթներուն

2305sarkissianԼիբանանահայ երկու վարորդներ Շահան Սարգիսեան եւ Ալեքս Տեմիրճեան բաւական տպաւորիչ ձեւով սկսան իրենց ելոյթներուն, երբ «Ճի. Թի.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով իրենց կատարած փորձերուն ընթացքին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին («Պլանփեն Էնտիւրանս»-ի մրցում):

Այս շաբաթավերջին «Սիլվըրսթոն»-ի վազքուղիին վրայ անոնք դժուար առաքելութիւն մը ունին, որովհետեւ վարորդները բաւական մեծ ճիգ ի գործ պէտք է դնեն հոն` լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար:

Լիբանանահայ երկու վարորդներն ալ կը յուսան «Ֆորմիւլա-Ռընօ»-ի իրենց ունեցած փորձառութենէն օգտուելով լաւ արդիւնք արձանագրել «Ճի. Թի.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան:

Նշենք, որ այդ ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 24 ինքնաշարժով:

Share this Article
CATEGORIES