«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Աւարտական
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ իմանալ, թէ ո՛ր խումբը այսօր պիտի բարձրացնէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսը, երբ մատրիտեան երկու կազմեր` Ռէալ եւ Աթլեթիքօ ճակատին իրարու դէմ, աւարտական այս մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի մէջ (Փորթուգալ) եւ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Զուտ սպանական այս աւարտական մրցումը բնականաբար փաստ մըն է, որ «Լա լիկա»-ն, ինքզինք պարտադրած է միւս ախոյեանութիւններուն վրայ:
Բնականաբար, ով որ ալ ըլլայ մրցումին յաղթականը Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունենալիք տօնախմբութիւնները պիտի գրաւեն լուսարձակները:
Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբին մարզիկները դաշտ մուտք պիտի գործեն ակումբին նախկին մարզիչին` Լուիս Արակոնեսի աւանդական մարզաշապիկով, որուն անունը գրուած պիտի ըլլայ ներսի կողմը: Արակոնես մահացաւ 78 տարեկանին:
Բաւական հետաքրքրական եղաւ Ռէալ Մատրիտի համակիրներուն կողմէ կատարուածը. անոնք խուռներամ կերպով իրենց մարզիկները ճամբելու եկած էին:

