«28 Մայիս 1918. Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիի Եւ Բանակի Ծնունդը» Խորագիրով Գիտաժողով Մոսկուայի Մէջ

Եուրի Նաւոյեան
Երէկ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «28 մայիս 1918. Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի եւ բանակի ծնունդը» գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 96-ամեակին:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շնորհիւ հայը վերստին իր երկրին քաղաքացին դարձաւ, դրուեցան արդիական պետական կառոյցներու հիմքերը, ստեղծուեցան պետական խորհրդանիշները: Մեծ է Առաջին Հանրապետութեան դերը նաեւ հայկական պետականութեան շարունակականութեան ապահովման գործին մէջ:
Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է այս հարցերու արդիականութիւնը արժեւորելու նպատակով:
Գիտաժողովին ներկայացուեցան հետեւեալ զեկուցումները.
– Ռաֆայիլ Զինուրով, իրաւագիտութեան դոկտոր, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի անդամ – «Ազգային-ազատագրական պայքարի եւ Դաշնակցութեան դերը Առաջին հանրապետութեան ստեղծման գործին մէջ»:
– Ալեքսանտր Սվարանց, քաղաքագիտութեան դոկտոր, – «Առաջին հանրապետութեան ուժային կառոյցներու կազմաւորման առանձնայատկութիւնները եւ անոնց գործունէութիւնը Հանրապետութեան գոյութեան նախօրէին, ընթացքին եւ ետք»:
– Ալլա Տէր Սարգսեան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր – «Իրավիճակը Անդրկովկասի մէջ հոկտեմբեր 1917-էն ետք եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը»:
– Էմանուիլ Տոլբաքեան, «Արարատ» ընկերութեան նախագահ – «Առաջին հանրապետութեան բանակը. ստեղծումը եւ կործանումը», Բուրաստան Զուլումեան, բանասիրութեան թեկնածու – «Մշակոյթը Առաջին հանրապետութեան մէջ»:
– Արսէն Մելիք-Շահնազարով, քաղաքագէտ – «Հայկական զօրամասը իբրեւ հայոց բանակի նախատիպ», Եուրի Փիրումեան – «Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի մասնակցութիւնը հայկական ազգային բանակի ստեղծման տարբեր փուլերուն եւ մարտական գործողութիւններուն 1917-1920 թուականներուն»:
– Նորատ Տէր Գրիգորեանց, զօրավար – «Առաջին հանրապետութեան փորձառութիւնը եւ Հայաստանի ժամանակակից զինեալ ուժերու ստեղծումը»:
– Անտրէյ Արեշեւ, քաղաքագէտ – «Առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանը եւ արդիականութիւնը:
– «Մատրիտեան սկզբունքներ». Ղարաբաղեան լուծման «սահմանադրութիւ՞ն, թէ՞ ազդեցութեան գործիք»:
– Եուրի Նաւոյեան, «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ -«Առաջին Հանրապետութեան նշանակութիւնը հայկական պետականութեան շարունակականութեան ապահովման գործին մէջ»:
Գիտաժողովին ողջոյնի խօսք ուղղեց Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան:

