50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1964)
Խմբագրական
Մայիս 28
Հուրի եւ սուրի ճամբաներէն անցած, ազատութեան եւ անկախութեան վսեմ գաղափարներով կռանուած հայութիւնն է դարձեալ, որ սփիւռքի տարածքին վրայ այսօր կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը, հեռու հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, այս պահուս, վստահ ենք, լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ արտասահմանի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու համար յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն:
Որքան կը հեռանանք պատմութեան այդ շքեղ թուականէն, տարիները որքան կը թաւալին, այնքան աւելի իրական արժէքով կ՛իմաստաւորուի մեր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան հաստատման այս տարեդարձը:
Մայիս 28-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն գերագոյն հանգրուանը, թափուած անհաշիւ արիւններու, անկշռելի զոհողութիւններու պսակումը, ղեկավարութեամբ ՀՅ դաշնակցութեան, որ ճգնաժամային օրերուն, երբ հայութեան մէկ միլիոնը ոչնչացուցած թշնամին եկած ու կանգ առած էր կոտորակուած հայրենիքի սահմաններուն վրայ, միահամուռ ճակատ կազմեց Արարատեան դաշտին մէջ համախմբուած հայութենէն եւ զէնքի ուժով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:
Անցան տարիներ: Անկէ ի վեր ուրացումի բազմաթիւ փորձեր եղան: Մեր անկախութիւնը թշնամիին մէկ շնորհը նկատուեցաւ, այն թշնամիին, որուն բանակները իրենց թնդանօթները ուղղած էին Հայաստանի սրտին, Էջմիածնի բարձրասլաց գմբէթներուն: Բայց պատմական ճշմարտութիւնները կամայականութիւններու չեն ենթարկուիր: Փաստերը լեզու կ՛առնեն պատելու համար այն հերոսապատումը, որ Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն դրուագուեցաւ` իբրեւ ամէնէն փառաւոր էջը հայոց նորագոյն պատմութեան:
Կարելի է անվարան ըսել, թէ ինչ որ այսօր ունինք իբրեւ հայրենիք (հոգ չէ թէ` կտրատուած) կը պարտինք մայիս 28-ին: Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը քարտէսին վրայ գոյութիւն պիտի ունենա՞ր, եթէ Թուրքիան կարողանար անարգել անցնիլ Արարատեան դաշտէն` իրականացնելով համաթուրանական իր երազը, երբ լենինեան Ռուսիան հաշտ աչքով կը դիտէր քեմալական շարժումները:
Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը ինքնավստահութիւն ստացաւ: Չքացաւ այն առասպելը, թէ հայը չի կրնար անկախ ըլլալ, պէտք է ենթարկուի օտարի լուծին եւ բարեկարգութիւններ մուրայ:
Մայիս 28-ը շունչ կու տար հայութեան, ապրելու եւ գոյատեւելու վճռական կամք կը ներշնչէր անոր: Նոր աւիւն եւ եռանդ կը ներարկէր անոր երակներուն: Առանց մայիս 28-ի` հայութիւնը շնչահեղձ պիտի ըլլար ու անհետ կորսուէր պատմութեան բեմէն, դառնալու համար միայն տարահալած բազմութիւն:
Անիկա կը հանդիսանար պսակումը մեր երկարատեւ պայքարներուն, որոնք մղուեցան անագորոյն թշնամիին դէմ: Հայու արիւնը իր մէջ կը պարունակէր սերմերը այն ոգիին, որ դրսեւորուեցաւ մայիս 28-ով, դառնալու համար դրօշ` ազատագրութեան եւ անկախութեան:
Մայիս 28-ը դրօշակ մը տուաւ հայութեան, իտէալ մը, անկախութեան տենչին իրականացումը, որմէ հայութիւնը չի կրնար հրաժարիլ այլեւս:
Մայիս 28-ը նուաճում մըն է, ձեռք բերուած մեր հերոսներու արիւնով, հայ ժողովուրդի քրտինքով: Անոր սեփականութիւնն է, անոր էութեան անբաժանելի մասը:
Իր դատին ու իրաւունքներուն պաշտպան հայութիւնը, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ Հայ դատի արդար լուծման նոր հոսանք մը կը ծաւալի գաղութէ գաղութ, երբ ժողովուրդներ, մեծ ու փոքր, անկախութեան կը տիրանան, բարձր պիտի բռնէ այդ դրօշը եւ ամէն տեղ պիտի տօնէ ձեր անկախութեան փառատօնը` իր հայրենիքի վերջնական անկախութեան տենչով:

