Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Թուրքիոյ Նախագահը Հայաստան Հրաւիրեց

6498_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջորդ տարուան 24 ապրիլին Թուրքիոյ նախագահը պաշտօնապէս Հայաստան հրաւիրեց:

Երէկ ելոյթ ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետաքրքրուած են ճշմարտութեամբ, ուրեմն անոնք պէտք է Հայաստան գան եւ 24 ապրիլին հայ ժողովուրդի կողքին ըլլան: Նախագահը նշեց, որ չի կարծեր, թէ անկէ ետք անոնք արխիւներ բանալու մասին պիտի կարենան խօսիլ:

Նշելով, որ պաշտօնական Անգարա կը շարունակէ խօսիլ պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ յայտնի է, որ Հայաստանի արխիւները միշտ ալ բաց եղած են բոլորին համար, բայց, ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հետ առերեսուելու համար արխիւային աշխատանք ընդհանրապէս չի պահանջուիր: Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ բաւարար է մտնել որեւէ հայկական տուն, որեւէ ընտանիք, այցելել սփիւռքի որեւէ հայ համայնք, եւ վկայութիւնները կը լեցնեն ոեւէ ունկնդիրի սիրտը:

Ամենայն հաւանականութեամբ ակնարկելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան նախորդած յայտարարութեան, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ փաստերու անառարկելիութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը ստիպէ ձեռնարկել քայլեր, որոնք կ՛արտացոլեն Թուրքիոյ հարիւրամեայ նոյն ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ըստ նախագահին, անցեալի ծանր բեռէն ազատելու միակ հաւանական քայլը, որ պէտք է կատարէ Թուրքիոյ իշխանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է:

Միաժամանակ, Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ այս բոլորով հանդերձ` թուրք ժողովուրդի նկատմամբ թշնամանք չկայ, Երեւան կը փորձէ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդները իրարու հետ կապեր հաստատեն ու գտնեն հաշտեցման ուղին:

«Ճիշդ այդ նպատակով կը փորձէինք եւ հիմա ալ հաւատարիմ կը մնանք Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման ու հայ – թրքական սահմանի բացման, թէեւ այսպիսի ցանկութեան մասին միայն յայտարարութիւններ կը լսենք թրքական կողմէն: Եթէ ցանկութիւնը իրապէս անկեղծ է, ապա Թուրքիա լաւ գիտէ Հայաստան – Թուրքիա հաշտեցումը կեանքի կոչելու ուղին», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:

Թուրքիոյ նախագահէն բացի, նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն շարք մը պետութիւններու նախագահներ հրաւիրած է յաջորդ տարի 24 ապրիլին այցելելու Հայաստան: Նախագահը երէկ կրկին կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու «այս աննախադէպ ոճիրը»:

«Թող ոեւէ մէկը յոյս չտածէ, թէ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը մեր դատի սահմանագիծն է»,  յայտարարեց նախագահ Սարգսեան:

Պետական յանձնաժողովի նիստին կը մասնակցէին բազմաթիւ պաշտօնակատարներ, դիւանագէտներ, սփիւռքէն ժամանած պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Նախագահ Սարգսեանի Հանդիպումը Վեհափառ
Հայրապետներուն Եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հետ

6486_bՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ: Նախագահը վեհափառ հայրապետներուն եւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հետ քննարկեց պետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքին եւ սփիւռքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձան հայոց ազգային կեանքին մէջ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հայապահպանման կարեւոր դերակատարութեան եւ համահայկական խնդիրներու լուծման գործով բոլոր նուիրապետական աթոռներու, թեմերու եւ կառոյցներու ամէնօրեայ ջանքերուն: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն:

Նախագահը եւ վեհափառ հայրապետներն ու ամենապահիւ հոգեւոր տէրը քննարկեցին նաեւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով այդ երկրին մէջ ծանր կացութեան մէջ գտնուող հայերու ներկայ վիճակին եւ անոնց ցուցաբերուող աջակցութեան վերաբերեալ հարցեր:

Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ դրուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակել եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու համադրումը ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Շրջանային Յանձնախումբերու
Ներկայացուցիչներու Հաւաք-Հանդիպում

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին կազմակերպութեամբ` 26 մայիսին սկիզբ առաւ 100-ամեակի շրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպումը:

Մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին: Հաւաք-հանդիպման բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, պետական յանձնաժողովի անդամ, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող Վիգէն Սարգսեան, որ ընդգծեց, թէ նախաձեռնութիւններու ընդգրկումները տպաւորիչ պիտի ըլլան: Հրապարակուեցաւ պետական ձեռնարկներու խորհրդանիշը` Անմոռուկ ծաղիկը, որուն վրայ գծուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, եւ ծաղիկի 5 թերթիկները կը խորհրդանշեն այն ցամաքամասերը, ուր ջարդերէն մազապուրծ հայերը բնակութիւն հաստատած են: Նախաձեռնութիւնները ունին նաեւ կարգախօս` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»:

Ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, որ 100 տարի առաջ օսմանեան Թուրքիոյ նպատակն էր մէկ հայ ձգել եւ այն ալ թանգարանին մէջ: Բայց, ըստ Յակոբեանի, այսօր հայերը ունին երկու պետութիւն եւ օտար ափերուն մէջ հիմնադրուած եւ հայանպաստ գործունէութիւն իրականացնող հայահոծ հզօր համայնքներ:

Նախարար Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը վերջին 3 տարիներուն Ցեղասպանութեան նիւթով կազմակերպած է 18 համաժողովներ եւ գիտաժողովներ, որոնց մասնակցած են շուրջ 300 գիտնականներ, իրաւաբաններ եւ փորձագէտներ:

Հաւաքին ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան եւ ուրիշներ: Անոնք ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած` շրջաններուն մէջ կատարուած ձեռնարկները եւ յառաջիկայ աշխատանքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES