Երկարատեւ Հիւանդութիւն` Իր Նորոգուածութեամբ
ՍԱԼԲԻ ՏԵԿԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Կ՛ըսեն. «Չէ՛, հիմա ժամանակը չէ այսպիսի նիւթեր խօսելու: Ո՞վ հետաքրքրուած է երկրի այս կացութեան մէջ մատչելի եւ դիւրամերձ միջավայր ստեղծելու մասին մտածելու: Նաեւ` ինչո՞ւ միշտ մայիսի վերջին չորեքշաբթին նոյն հիւանդութեան մասին կը գրես»:
Նախ,եթէ ժամանակը հիմա չէ, հապա ե՞րբ է: Ոչ միայն մայիս ամսուան մէջ, այլ տեւաբար պէտք է ջատագովել մատչելի միջավայրի մասին, եւ միայն «երանի ուրիշ երկրի մէջ ապրէինք…» ըսելով` չբաւարարուինք: Երկրորդ նիւթ. մայիս ամիսը համաշխարհային գետնի վրայ ընդունուած է բազմապատիկ կարծրախտի (Multiple Sclerosis – MS-ի) հիւանդութիւնը յիշելու. ինչո՞ւ իմ հիւանդութիւնս կը յիշեմ ամէն տարի, քանի որ դեռ լրիւ ըմբռնում եւ ոչ ալ լրիւ բուժում գտնուած է:
Գալով առաջին նիւթին` մատչելի եւ դիւրամերձ միջավայրերու մասին. ինչպէ՞ս երազել, փափաքիլ, եւ ունենալ այս պէտքը անպատրաստ երկրին մէջ: Չբաւարարուինք լոկ երազելով, այլ մղուինք գործի: Կան քանի մը առաջարկներ` ֆիզիքական գետնի վրայ եւ աշխատանքի վերաբերեալ:
Անկար մարդիկ տան մէջ զարդարանք մը չեն: Ինչպէ՞ս օգտակար ըլլանք իրենց: Քանի մը պատկերներով կը տեսնենք, ինչպէ՛ս անուաւոր կառք գործածող մարդիկ կրնան իրենց կեանքը դիւրութեամբ շարունակել: Օրինակ. սկսինք շէնքի մը մուտքէն. Երանի աստիճանին քով թեքահարթակ մը շինուի եւ յատուկ չափեր նկատի առնուին (առաջին եւ երկրորդ պատկերներ):
Երբ քրոջս պսակին պիտի երթայի, պէտք եղաւ, որ երիտասարդներ զիս ու անուաւոր աթոռս շալկեն քանի մը աստիճաններու պատճառով: Շնորհակալ եմ իրենց: Բայց երանի ճարտարագէտը մտածէր, թէ տարեց մամիկներ, անուաւոր աթոռ գործածողներ եւ մայրեր իրենց մանուկներուն կառքերով եկեղեցի պիտի գան, ամէնուն պէս…
Իսկ երկրորդ պատկերը ցոյց կու տայ մատչելի ու անմատչելի գրասենեակներ, որոնք ընդամէնը քանի մը փոքր փոփոխութիւններու կը կարօտին: Անկար մարդիկ կրնան անկախ կեանք մը վարել, գործի երթալ, եւ տան մէջ ապահով իրենց անուաւոր աթոռով իրենց կեանքը շարունակել:
Գալով երրորդ եւ չորրորդ պատկերներուն… կը լսենք այս գանգատի եւ ցաւի կանչը: Ա՜խ, այս աստիճանները…ելեկտրականութեան հարցէն անկախ… Ինչպէ՞ս վեր հասնիլ, երբ մինակ եմ…
Կը բաւարարուիմ այս պատկերներով, որպէսզի մեր նիւթը շարունակենք:
Անուաւոր աթոռ, դիւրամերձ միջավայրեր, անկար անձերու իրաւունքները նիւթեր են, որ ես ալ չէի գիտեր, մինչեւ որ բազմապատիկ կարծրախտ, շատ ծանօթ MS, հիւանդութիւնը ունեցայ:
Ահա տասներորդ տարիս է, որ այս հիւանդութեամբ կ՛ապրիմ: Այս հիւանդութիւնը մահացու չէ, բայց միայն կայուն պէտք է պահել զայն դեղերով, մարզանքներով, ուրախ մնալով եւ ընտանեկան հասկացողութեամբ:. Այս հիւանդութիւնս բարեկամս եւ ոսոխս է:
Բայց նորոգութիւն գտայ: Սորվեցայ, որ մայր մը եւ ընտանիքը շատ կարեւոր դեր մը կը խաղան իրենց զաւակը իբրեւ ընտանիքին անդամը ընդունելով, քաջալերելով եւ նեցուկ կանգնելով: Կ՛ուզեմ գովել մայրս, որ բնաւ չյուսահատեցաւ եւ միշտ կը կրկնէ «Սալբի՛, կրնա՛ս» եւ անուաւոր աթոռս քշելով զիս կը պտտցնէ ինչպէս նաեւ քոյրերս (անշուշտ, ուր որ կարելի է): Արժեւորենք մեր մայրերը եւ ընտանիքները, եւ ա՛լ աւելի մայիս ամսուան մէջ: Կեցցե՛ն այսպիսի մայրերը:
Նաեւ բուժում գտայ Աստուծոյ եւ Իր խօսքին կառչելով: Հիւանդ ըլլալէս առաջ կը կարդայի Աստուծոյ խօսքը քիչ մը մակերեսային ձեւով, բայց հիմա կը սերտեմ, կը բաղդատեմ Աստուծոյ խօսքը եւ կը սորվիմ հնազանդիլ Իր խօսքին: Անունով քրիստոնեայ մնալ չեմ ուզեր, այլ` հոգեւոր ապրող հաւատացեալ: Գտայ մխիթարութիւն` Սուրբ Գրային հետեւեալ համարին մէջ.
«Աղէկ եղաւ ինծի, որ վշտացայ, որպէսզի քու կանոններդ սորվիմ»: (Սաղմոս 119.71):
Ահա այն նորոգութիւնները, որոնք կեանքիս մէջ մտան.դիւրամերձ միջավայրեր, անկար մարդոց իրաւունքներ, գնահատել ընտանեկան կեանքը եւ սէր` Աստուծոյ խօսքին հանդէպ: Նաեւ հայերէնով գրելու սկսայ բժշկական նիւթի մը մասին, ես, որ անգլերէն լեզուի վկայականի տիրացած եմ եւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ «Ազդակ» օրաթերթին այս առիթին համար:

