Աբխազիոյ Մէջ Պետական Յեղաշրջում
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ ներքին գործոց նախարար Օտար Խեցիան երեքշաբթի օր երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները որակած է իբրեւ պետական յեղաշրջման փորձ` ընդգծելով, որ այժմ իրենց նախարարութիւնը կ՛աշխատի սովորական դրութեամբ:
«Վրեմիա» կը յիշեցնէ, որ Աբխազիոյ ընդդիմութիւնը երեքշաբթի օր պահանջած էր նախագահի հրաժարականն ու ներխուժած նախագահական պալատ, ուր երկրի ղեկավար Ալեքսանտր Անքվապ կը բանակցէր ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու հետ: Դէպքերու այս զարգացման պատճառով նախագահը ընդհատած է բանակցային հոլովոյթը` նշելով, որ ինք ճնշումի տակ որեւէ որոշում պիտի չտայ:
Ընդդիմութեան ղեկավարներէն Ռաուլ Խաջիմպա, աւելի ուշ յայտնած է, որ Աբխազիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը ստանձնէ երկրին ժամանակաւոր ղեկավարութիւնը:
Մոսկուա Մտահոգ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի եւ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիաչեսլաւ Չիրիքպայի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան արդիւնքները ներկայացնող հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Մոսկուան մտահոգ է Աբխազիոյ մէջ ներքաղաքական իրավիճակի սրումին նկատմամբ:
«Քարասին անհանգստութիւն յայտնած է Աբխազիոյ մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին կապակցութեամբ, այդտեղ 27 մայիսին տեղի ունեցած են ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած շարժումներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Ռուսական կողմը ուշադիր կը հետեւի բարեկամ պետութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, կարեւոր կը նկատէ, որ հասարակական-քաղաքական հոլովոյթները այնտեղ զարգանան բացառապէս իրաւական հունով», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

