8-ՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ «ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»Ի «ԵԿԷ՛Ք ՇԱՐԱԴՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ` երեքշաբթի, 5 յուլիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը հաւաքուած էին «Ազդակ»ի «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրակազմին կազմակերպած «Եկէ՛ք շարադրենք» մրցումին մրցանակակիր աշակերտները` իրենց ծնողներով:

Բացման խօսքով «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրակազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որոնց քաջալերանքով միշտ ալ յաջողութիւն արձանագրած են «Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրակազմին կազմակերպած աշխատանքները: Ս. Ճենանեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց «Պզտիկ-Մզտիկ»ի գլխաւոր հովանաւոր «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ին, ինչպէս նաեւ մրցումներու հովանաւոր «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ին: Իսկ այս տարի առաջին հանդիսացած մրցանակակիրները ստացան նաեւ «Թրի օֆ լայֆ» ալպոմը, որ Հայաստանի մանուկներու թանգարանի հիմնադիր ու տնօրէն Հենրիկ Իգիթեանի կողմէ խմբագրուած մանուկներու գծագրութիւններու հաւաքածոն է. մինչ այդ յիշատակի նուէրներ տրուեցան նաեւ բոլոր մասնակիցներուն` «Ազդակ»ի տնօրէնութեան կողմէ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ մատնանշեց, որ առանց ծնողներուն, դպրոցին եւ մամուլին միջեւ եռակողմանի գործակցութեան, կարելի պիտի չըլլար նման ձեռնարկներ յաջողցնել: Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ հայրենի եւ սփիւռքահայ օրաթերթեր լայնօրէն կ՛անդրադառնան «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած մրցանքներուն: Ապա անդրադառնալով, թէ 8-րդ տարին ըլլալով է, որ այս ձեռնարկը կը կազմակերպուի, Գանտահարեան ընդգծեց, որ շուտով արդէն տասնամեակը պիտի նշուի մանկապատանեկան այս յաւելուածին, արդէն իսկ այդ առնչութեամբ ծրագիրներ կը մշակուին, սակայն կ՛ակնկալուի նաեւ, որ դպրոցներէն եւս առաջարկներ ներկայացուին:

Վերջապէս Գանտահարեան շնորհակալական խօսք ուղղեց «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի գլխաւոր հովանաւոր «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն ֆոնտ»ին եւ «Սօսի յիշատակի Ֆոնտ»ին, որոնց ներկայացուցիչները բեմ հրաւիրուեցան մրցանակաբաշխութիւնը կատարելու: Շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ «Նոազ Արք» արուեստի ցուցասրահի տնօրէնութեան:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES