Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հրթիռարձակման Պատճառով Զոհուեցան Միսաք Պ. Պօշկեզենեան Եւ Ռահել Դաւիթեան
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ, շաբաթ, 31 մայիս 2014-ին, Հալէպի զանազան շրջաններու մէջ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով կրկին արձանագրուեցան տասնեակ մը զոհեր եւ հսկայական աւերներ:
Նոր Գիւղի շրջանը թատերաբեմ դարձաւ հրասանդներու եւ հրթիռներու` խլելով զոհեր: Արձակուած հրթիռներուն պայթումին պատճառով զոհուեցան Ռահէլ Դաւիթեան եւ Միսաք Պարգեւ Պօշկեզենեան:
Նշենք, որ 1963-ի ծնունդ Միսաք Պոշկեզենեան եղած է հաւատաւոր գաղափարական ՀԵՄ-ական, մաս կազմած է Համազգայինի մեծ ընտանիքին:
Սուրիահայերը Կը Պատրաստուին
Մասնակցելու Նախագահական Ընտրութեան
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ Դամասկոս կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններուն. Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի որոշումով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները` սուրիական հողերուն մէջ գտնուող քաղաքացիներուն համար պիտի կայանան 3 յունիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:
Միւս կողմէ, Ընտրութիւններու դատախազութեան բարձրագոյն յանձնաժողովի յայտարարութեան համաձայն, ընտրական կեդրոնները արդէն իսկ պատրաստ են ընտրական գործողութիւններուն:
Նկատելի է, որ մայրաքաղաքի զանազան թաղամասերը եւ մանաւանդ կեդրոնի պողոտաներու եւ շէնքերու մեծամասնութիւնը զարդարուած են նախագահ Ասատի նկարներով եւ ընտրարշաւի «Սաուա» (Միասին) լոզունգներով:
Թեկնածուներու ընտրարշաւին մաս կազմեցին ինքնաշարժներու արշաւներ, հաւաքներ եւ այլ գործունէութիւններ, սակայն քաղաքացիներուն համար հիմնականը կը մնայ ապահովութեան վերականգնումը:
Իբրեւ Սուրիոյ ժողովուրդին մէկ մասնիկ, սուրիահայերը նոյնպէս կը պատրաստուին իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը կատարելու եւ մասնակցելու քուէարկութեան:

