Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Ասորիներու Նորընտիր Պատրիարքի Գահակալութեան
Կիրակի, 1 յունիսին, Պէյրութի ասորիներու Ս. Աֆրամ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ասորիներու նորընտիր հոգեւոր պետ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքի գահակալութիւնը: Այլ հոգեւոր պետերու շարքին գահակալութեան արարողութեան նաեւ ներկայ էր Արամ Ա. կաթողիկոս` իր կողքին ունենալով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
Գահակալութեան ընթացքին խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը: Ան նախ շեշտեց հայ եւ ասորի եկեղեցիներու հաւատքի միութիւնը ամրացնելու ու գործակցութիւնը զօրացնելու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեց, որ երկար տարիներէ ի վեր մօտէն կը ճանչնայ նորընտիր պատրիարքը: Ապա անոր մաղթեց իրագործումներով հարուստ գահակալութիւն:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ նորընտիր պատրիարքին. ճաշկերոյթին յանուն վեհափառ հայրապետին ներկայ գտնուեցաւ Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան:

