Ֆրըն Շըպպեքի Եւ Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուներուն Մէջ . Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Յարգանքի Տուրք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Յիշատակին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտիչներէն ոմանց դամբարանները ընդգրկող Ֆրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` մասնակցութեամբ Լիբանանի թեմի քահանայից դասի անդամներուն:
Հոգեհանգստեան արարողութիւններէն ետք, ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Արշակ Յովհաննէսեանի` Հայաստանի խորհրդարանի անդամ, Մուշեղ Աւետիսեանի` խմբապետ Մուշեղ Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մարտերուն մասնակից, Նիկոլ Աղբալեանի` Հայաստանի Լուսաւորութեան նախարար, Լեւոն Շանթի` խորհրդարանի փոխնախագահ, Հրաչ Փափազեանի` Նեմեսիս գործողութեան մասնակից, Վարդան Շահպազի` Ղարաքիլիսէի ճակատամարտի մասնակից եւ Ցրօնքցի Մուրատի` մայիսեան կռիւներու մասնակից դամբարաններուն:
Ծաղկեպսակները զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կողմէ:
Ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւնը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած մահերգով:

Յակոբ Տէր Ղուկասեան

Կարօ Յովհաննէսեան
Ապա «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ գերեզմանատան մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտած եւ հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով իրենց անունը փորագրած անձնաւորութիւններուն հերոսական գործունէութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ կերտել 1918-ի անկախութիւնը:
«Մայիս 28-ի անառարկելի իրականացումներէն մէկը այդ օրերուն դժուար պայմաններու ու ճգնաժամային վիճակի մէջ Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը ժողովրդավար կարգով օժտելն էր: Իսկ այս բոլորին ետին կանգնած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իր գործիչներով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնն էր դերակատարը ճակատամարտերուն ընթացքին եւ պետականութեան կերտման մէջ:
Յ. Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ նման առիթներ հայ ժողովուրդին ուղղուած մնայուն կոչ են ու պատգամ` հաւատարիմ մնալու եւ կառչելու իր հերոսներու եւ նուիրեալ գործիչներու յիշատակին, «որովհետեւ ժողովուրդի մը ապագան կը կերտուի անցեալէն ձեռք ձգուած փորձառութիւններուն, փառքին ու նուաճումներուն հիման վրայ: Սակայն պէտք չէ գինովնալ լոկ անցեալով, այլ նորանոր ձեռքբերումներ կերտել, որպէսզի իբրեւ ժառանգ փոխանցենք նոր սերունդներուն: Ուստի այսօր մենք ազգովին կոչուած ենք այդ փառքի կերտման մէջ ներդրում ունեցողներուն յիշատակը անմար պահելու, անոնց պատգամն ու աւանդը փոխանցելու սերունդէ սերունդ եւ շարունակելու անոնց բացած ճամբան` ի փառս հայութեան եւ անոր սրբազան նպատակներուն», յայտնեց ան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, շեշտեց, թէ մահը կը չքանայ, երբ կայ նպատակը, երբ կայ անոր հասնելու համոզուած մօտեցումը:
Պատգամախօսը յայտնեց, որ մահ չունի այն անհատը կամ հաւաքականութիւնը, որ ինքնավստահ կը նետուի գաղափարի մը իրագործման առջեւ:
«Այսօր, երբ Հայաստանի պետականութիւնը մեծ շուքով կը տօնէ Մայիս 28-ը, կը նշանակէ, որ իր արժանաւոր տեղը գտած է արդէն այս մեծ թուականը մեր պատմութեան մէջ: Այլ մանաւանդ կը նշանակէ, որ Մայիս 28-ի մեծագործութիւնը նսեմացնելու կամ ուրանալու ամէն տեսակի փորձերը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն ա՛լ: Կը նշանակէ դարձեալ, որ պատմութիւնը կարելի չէ գրել կամայականութեամբ եւ հատուածական նկատումներով: Ժողովուրդներու կամքն ու հերոսներու թափած արիւնն է, որ կը գրէ պատմութիւնը», ընդգծեց Կ. Յովհաննէսեան:
Ան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ յաւակնութիւնը ունենալ թաղելու ճշմարտութիւնը, որ ուշ կամ կանուխ կը յայտնաբերուի: «Այդպէս է, որ 96 տարի ետք, այսօր այս գերեզմանատան մէջ, մենք կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր մեծ մեռելներուն` իբրեւ ճշմարտութեան յաղթանակ մը, մեր մեռելներուն արժանապատուութեան յաղթանակը, բռունցքի՛ յաղթանակը, արեա՛ն յաղթանակը: Սակայն չի բաւեր յիշել մեռելները, հաղորդուիլ անոնցմէ եւ խոնարհիլ անոնց առջեւ: Յարգանքի միակ իրական արտայայտութիւնը անոնց ճամբէն քալելն է», աւելցուց Կ. Յովհաննէսեան:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ մեր մեռելները առաքեալներ էին եւ հայոց հանրային կեանքին անոնց տուած նպաստը կը շարունակէ ապրեցնել մեզ:
«Մեծ է անոնց հմայքը, որովհետեւ մեծ է անոնց զոհողութեան ոգին, սկզբունքներուն ուժը եւ հաւատքին խորութիւնը: Վստահ պէտք է ըլլալ, որ մեր մեռելները ձայն ունին գերեզմաններէն ալ անդին», ըսաւ ան:
Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն յիշատակին մատուցուած յարգանքի տուրքը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Ապա Ֆրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ հաւաքուած բազմութիւնը ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը ՀՅ Դաշնակցութեան Պանթէոնին, ուր կը ննջեն Հայաստանի Ա. անկախութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան, 1918-ի անկախութեան շրջանին Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեան (Ծանօթ` իբրեւ Հայր Աբրահամ), Ա. անկախութեան շրջանին Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունի, Մալխաս եւ հայութեան անմնացորդ ծառայած անձնուրաց այլ դէմքեր:
Ծաղկեպսակի զետեղման պաշտօնական արարողութիւնը աւարտեցաւ ներկաներուն կողմէ «Վէրքերով լի» խմբերգով:

