Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ հաստատեց, որ Լիբանան արտակարգ պայմաններու մէջ կը գտնուի, հետեւաբար կառավարութիւնը արտակարգ այս իրավիճակին հետ պիտի վարուի այնպէս մը, որ նախագահական դատարկութիւնը զգալի չդառնայ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն հանրապետութեան նախագահի մը արագ ընտրութիւնը, ապա լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի պատրաստ է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն յստակ է բոլորին համար` առանց անոր անունը տալու: Ան նշեց, որ Հըզպալլա դեսպանատուներէն որոշում սպասող քաղաքական խմբաւորում չէ եւ ոչ ալ քաղաքական ուժ մըն է, որուն հետ սակարկութիւններ կարելի է կատարել` ազգային սկզբունքներուն շուրջ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լուծել Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն յատուկ անկազմակերպ կերպով հաստատուած գաղթակայաններուն հարցը` նշելով, որ այդ գաղթակայաններուն թիւը հասած է 1250-ի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի զգուշացուց Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակից քաղաքական ուժերուն կողմէ երկիրը սպաննող դատարկութեան առաջնորդելու փորձերէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական այս կամ այն կողմին շահերուն չի ծառայեր կառավարութենէն հրաժարիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Էտտէ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերը հերթաբար կրնան լուծուիլ` հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեամբ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ կառավարութիւնը տկարացնելու քաղաքականութիւնը կը միտի տկարացնել հանրապետութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ կառավարութիւնը յաջողած է վերահաստատել իր միասնականութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները կատարելու համար շրջանառութեան մէջ դրուած են բաւական բարդ բեմագրութիւններ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ պէտք է առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ ան զօրակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` նկատի ունենալով, որ վերջինս Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին գլխաւոր ներկայացուցիչն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Մուսթաքպալի եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ բանակցութիւնները դրական են` երեսփոխան զօր. Միշել Աունը իբրեւ հանրապետութեան համախոհական նախագահ ընտրելու առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին Պէյրութի մէջ երկարատեւ հանդիպում մը ունեցած է Համասի բարձրաստիճան պատասխանատուի մը հետ:

ԱՄԱԼ շարժումի մշակութային կեդրոնի պատասխանատու միւֆթի շէյխ Հասան Ապտալլա կոչ ուղղեց կառչած մնալու Լիբանանի ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն նկատմամբ գուրգուրանք ցուցաբերելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը այս կամ այն քաղաքական ուժին լուծումներ պիտի չառաջադրէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու առումով Լիբանանի վրայ բանեցուած միջազգային ճնշումը հետզհետէ աւելի եւս պիտի շեշտուի:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան գումարած վերջին նիստը եղած է զուտ քաղաքական եւ սահմանադրական, իսկ կարեւորագոյնը եղած է այն, որ նախարարները միակամ գտնուած են այն գծով, թէ կառավարութիւնը պէտք է իր բոլոր պարտականութիւնները ստանձնէ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը պատրաստուի նախագահական բուռն ընտրապայքարի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր բաց երկխօսութիւնը կասեցնելու կամ տեղի տալու միտք չունի:

 

Share this Article
CATEGORIES