Հերըլտ Լեհնըր` Գերմանիա – Հայաստան Ֆութպոլի Մրցումին Իրաւարարը
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, 6 յունիսին գերմանական Մայնց քաղաքին մէջ, դաշտին տէրը` Գերմանիա, պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ աստրիացի Հերըլտ Լեհնըր:
Նախորդ տարուան յուլիսին ան եղած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Փիւնիկ – Ժալկիրիս «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումին (1-1) իրաւարարը:
CATEGORIES Մարզական

