Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումի Մը. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 3-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ալճերիայէն

0106algeriaՇաբաթ, 31 մայիսին, Սիոնի (Զուիցերիա) մէջ գտնուող «Սթատ տը Թուրպիոն»-ի մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ճակատեցաւ Ալճերիոյ դէմ:

Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ, որ Հայաստանի հետ իր նոր ասպարէզը սկսած էր յաղթանակով մը` 4-3 արդիւնքով յաղթելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 3-1 արդիւնքով:

Մրցակից կազմը Ա. կիսախաղին 3-0 արդիւնքով յառաջացաւ, երբ 13-րդ, 22-րդ եւ 42-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր կոլերը: Բ. կիսախաղին առաջին վայրկեանին Արթուր Սարգիսով նշանակեց Հայաստանի միակ կոլը:

Այս մրցումին Շալանտ իր կազմին մէջ կատարեց շարք մը փոփոխութիւններ, որոնք սակայն բացասական արդիւնքներ ունեցան արդիւնքին վրայ:

Հայրենի կազմը Ա. կիսախաղին բաւական անօգնական տեսք ունէր եւ երեք գնդակ ստացաւ իր բերդին մէջ, որմէ ետք արդէն իսկ մրցումին ելքը վճռուած էր…

Նշենք սակայն, որ այս մրցումը բարեկամական բնոյթի էր եւ կարելի չէ դատել մարզիչ մը` խումբին կրած պարտութեան համար: Ան շարք մը մարզիկներ դաշտ ներկայացնելով եւ փորձելով անոնց կարողութիւնները, կրնայ ապագային զօրաւոր կազմ մը ունենալ:

 

Share this Article
CATEGORIES