ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ` ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ

Երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ ծրագրուած դիտարկում մը կատարեց Ասկերանի ուղղութեամբ:

Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին եւ զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:

Share this Article
CATEGORIES