ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մայիսեան Փառատօնի Մրցանակաբաշխութիւն
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կիրակի, 1 յունիս 2014-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած Մայիսեան փառատօնը:
Այս փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ «ԼԵՎԱՄ»-ի բաժակներու եւ վահաններու տուչութիւն` ստորեւ տրուած ձեւով.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
2000/01-ի Ծնունդ Տղաք
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 2.- Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան եւ 3.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
1998/99-ի Ծնունդ Տղաք
1.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, 2.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ 3.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
1996/97-ի Ծնունդ Տղաք
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 2.- ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարան եւ 3.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան
1999/00/01-ի Ծնունդ Աղջիկներ
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 2.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ 3.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
1996/97/98-ի Ծնունդ Աղջիկներ
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 2.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ 3.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ
2000/01-ի Ծնունդ
1.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, 2.- Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան եւ 3.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
1998/98-ի Ծնունդ
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 2.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ 3.- Ազգային Սուրէն Խանամիրեան
1996/97-ի Ծնունդ
1.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, 1.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ 3.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
(96/97-ի ծնունդ մինի ֆութպոլի Ա. դիրքը կը գրաւեն 2 դպրոցներ)
ԴԱՇՏԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐ
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 2.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ 3.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ` ՇԱՂԻԿ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ` ՐԱՖՖԻ ԽԱԼՈՅԵԱՆ
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉ` ՎԱՐԴՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

